Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհաւորութիւններ` Լիբանանեան Բանակին

August 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով երկրին հոգեւոր պետերն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները եւ կուսակցութիւնները երէկ շնորհաւորեցին լիբանանեան բանակը` հեռագիրներ յղելով անոր ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին եւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆին:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ անոր հրամանատարութիւնը` մաղթելով, որ բանակը յաւելեալ նուաճումներ արձանագրէ եւ դիմադրէ երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը խոցել փորձող ամէն քայլի դէմ:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շնորհաւորեց բանակը` մաղթելով, որ զայն զինեն ամէնէն արդիական սպառազինումով:

Շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց բանակի շարքերուն կամաւորագրուելու առիթ ընծայելու, որպէսզի ան կարենայ իր ազգային պարտականութիւնը աւելի լաւ կատարել:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ կոչ ուղղեց պահպանելու զայն` անոր մատուցելով անհրաժեշտ ամբողջ օժանդակութիւնը:

Իսլամ հոգեւորականներու համախմբումը այցելեց նախարար Սարրաֆի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` բարձր գնահատելով Լիբանանին ու լիբանանցիին պաշտպանութեան համար անոր զոհողութիւնները:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորեց բանակը` շեշտելով, որ բանակն է երկրին ապահովութեան եւ հայրենիքին սահմաններուն հսկող արթուն պահակը:

Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին տօնը ամբողջ Լիբանանի տօնն է եւ ընդգծեց հետեւեալը. «Ուր որ բանակը կայ, հոն ապահովութիւն եւ կայունութիւն կայ»:

Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ շնորհաւորեց բանակը իր տօնին առիթով եւ հաստատեց, որ բանակին կարգախօսէն շեղումը համազօր է անոր քանդումին եւ հայրենիքին նկատմամբ դաւաճանութեան:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի շնորհաւորեց բանակը, որ կը պայքարի ի խնդիր Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պաշտպանութեան: Ան ուժ եւ կորով մաղթեց բանակին` շեշտելով, որ Աքքարի զաւակները կը նկատուին լիբանանեան բանակի բաբախուն սիրտը, որ հերոսութեամբ լեցուն է:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ողջունեց բանակն ու անոր հրամանատարը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ընթացքին նահատակուած իւրաքանչիւր բանակայինի յիշատակը:

Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանեան եւ սուրիական  բանակներուն տօնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց ահաբեկչութեան դէմ զոյգ բանակներուն արձանագրած յաղթանակն ու զինուորական նուաճումները:

Նախորդը

Հարիրի. «112 Երեսփոխանի Կողմէ Վարչապետ Առաջադրուած Եմ Ոչ Թէ Մեծամասնական Կառավարութիւն Կազմելու, Այլ` Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակը

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.