Լիբանանեան

Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

Բագրատունի Ընդունեց Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը

Արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, խորհրդարանին մէջ ընդունեց ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Մարթին Ուընըրի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի եւ Իպրահիմ Ազար: Ֆրանսական պատուիրակութեան հետ քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրը, Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը, լիբանանեւֆրանսական յարաբերութիւնները եւ այն ոլորտները, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ երկու երկիրներու կապերու բարելաւման: Բագրատունի, շեշտելով Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մնայուն բարեկամական կապերը, ներկայացուց...

Նախագահ Աուն Պալհաժէն Իմացաւ Լիբանանին Տրամադրուելիք Երկու Միլիառ Տոլար Գումարին Մասին

Նախագահ Աուն Պալհաժէն Իմացաւ Լիբանանին Տրամադրուելիք Երկու Միլիառ Տոլար Գումարին Մասին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի պատասխանատու Ֆարիտ Պալհաժը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք համամասնական ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի յաջորդեն տնտեսական բարեկարգումներ, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճումին եւ...

Հարիրի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հարիրի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի պատասխանատու Ֆարիտ Պալհաժ, որուն հետ քննարկուեցան երկիրը յուզող տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան իրագործելիք ծրագիրները: Հանդիպումէն ետք Պալհաժ...

Պըրրի Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի, երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան, ուժանիւթի, ջուրի հարցերու եւ արհեստագիտութեան, հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 2 օգոստոս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին...

Պասիլ. «Գաղթականներու Թղթածրարը  Մեզ Թող Չպառակտէ»

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Վարչապետ Հարիրիի Իրաւասութիւնն Է Եւ Ոչ Թէ Իմ»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով ինք ոչ մէկ պատկերացում ունի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը վարչապետ Սաատ Հարիրիի իրաւասութիւնն է եւ ոչ թէ իր: Միւս կողմէ, Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովող ռուսական նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Քֆարքիլայի Հանդիպակաց Շրջանին Մէջ Իսրայէլեան Ուժերը Կասեցուցին Սահմանային Շինութիւնները` Լիբանանեան Բանակին Պահանջով

Քֆարքիլայի Հանդիպակաց Շրջանին Մէջ Իսրայէլեան Ուժերը Կասեցուցին Սահմանային Շինութիւնները` Լիբանանեան Բանակին Պահանջով

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն պահանջեց Իսրայէլի մօտ միջամտել, որպէսզի իսրայէլեան ուժերը կասեցնեն Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ սկսած սահմանային շինութիւնները` նկատի ունենալով, որ այդ աշխատանքները կը շրջանցէին սահմանային Կապոյտ գիծը: Սահմանային շրջանին մէջ տիրեց պատրաստ վիճակ` լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ: Աւելի ուշ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի շեշտեց,...

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակը

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը երէկ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակը` մեծապէս գնահատելով երկրին պաշտպանութեան մէջ բանակին դերակատարութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարը: Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը ողջունեց բանակին զինուորական կարողութիւնները եւ մնայուն զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ կը խոնարհի բանակի հերոս նահատակներու յիշատակին: Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը շնորհաւորեց եւ ողջունեց լիբանանեան բանակի իւրաքանչիւր զինուորը, յատկապէս կին բանակայինները, որոնք տարիներու ընթացքին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ հաստատեց, որ առողջապահութեան մարզին մէջ կատարուելիք ներդրումները ամէնէն կարեւոր ներդրումները կը նկատուին` բարգաւաճման ներդրումներու իմաստով: Ան նշեց, որ առողջապահութեան մարզին մէջ Լիբանան իրականացուց հսկայ զարգացում եւ յառաջդիմութիւն` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան քաղաքացիին տրամադրելու լաւագոյնը: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ ընդգծեց իր անձնական եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան զօրակցութիւնը Աշխատաւորական ընդհանուր...

Շեպաայէն Եւ Կեդրոնական Պեքաայէն 722 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

Շեպաայէն Եւ Կեդրոնական Պեքաայէն 722 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի շրջագիծին մէջ, շաբաթ օր Շեպաայի եւ Կեդրոնական Պեքաայի շրջաններէն 722 տեղահանուածներ տունդարձ կատարեցին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հայրենիք վերադարձը կատարուեցաւ գաղթականներու յատուկ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնախումբին եւ անոր պատասխանատուներուն հետ համադրաբար ու անոնց ներկայութեան: Ըստ հաղորդագրութեան, սուրիացի տեղահանուածներուն փոխադրութիւնը կատարուեցաւ պասերով, որոնք տրամադրուած...

Պըրրի. «Լիբանան Խիստ Կարիք Ունի Նոր Կառավարութեան` Երկիրը Տնտեսական Անկումէ Փրկելու Համար»

Պըրրի. «Լիբանան Խիստ Կարիք Ունի Նոր Կառավարութեան` Երկիրը Տնտեսական Անկումէ Փրկելու Համար»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին իր այցելուներուն հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի նոր կառավարութեան` երկիրը տնտեսական անկումէ փրկելու եւ քաղաքացիին մտահոգութիւններուն վերջ դնելու համար: Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ իրենց կարգին յայտնեցին, որ լաւատեսական որեւէ մթնոլորտ իրենց համար անարժէք կը մնայ, եթէ ան մնայ տեսական իր շրջագիծին մէջ եւ ամէնէն մօտիկ ապագային գործնականի չվերածուի:

Պուխարի. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Էր Եւ Պիտի Մնայ Առաջնահերթութիւն»

Պուխարի. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Էր Եւ Պիտի Մնայ Առաջնահերթութիւն»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական կազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Սոտեքոյի «Պէյթ Պէյրութ» ճաշարանին մէջ  հրաւիրեց «Սուրճի շուրջ» հանդիպումի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ «Լսատեսողական լրատուամիջոցներն ու ազգային համերաշխութիւնը» նիւթը` հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, երեսփոխաններ Թարեք Մերեհպի եւ Ուալիտ Պաարինի, Պէյրութի նահանգապետ...

«Հարիրի Լաւատես Է Կառավարութեան Կազմութեան Մօտալուտ Ըլլալու Իրականութեամբ»  Շեշտեց Խոխեր

«Հարիրի Լաւատես Է Կառավարութեան Կազմութեան Մօտալուտ Ըլլալու Իրականութեամբ» Շեշտեց Խոխեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Ահմետ Խոխեր, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումէն ետք Խոխեր շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիին` Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար: Խոխեր յայտնեց,...

«Ժոմպլաթ Դաւադրութիւններ Կը Սարքէ  Սուրիոյ Տիւրզի Համայնքին Դէմ` Գործադրելով Արտաքին Օրակարգեր»  Ըսաւ Թալալ Արսլան

«Ժոմպլաթ Դաւադրութիւններ Կը Սարքէ Սուրիոյ Տիւրզի Համայնքին Դէմ` Գործադրելով Արտաքին Օրակարգեր» Ըսաւ Թալալ Արսլան

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տիւրզի համայնքը միշտ դիմադրեց եւ կը շարունակէ դիմադրել Սուրիոյ միասնականութիւնը թիրախ դարձնող ծրագիրներուն: Արսլան հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչները Սուէյտա կրցած են հասնիլ ամերիկեան ուժերուն մօտակայ դիրքերէն` աւելցնելով, որ հարաւային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործած յարձակումները կը կատարուին ամերիկեան հրահանգներով: Ան նշեց նաեւ, որ Ուաշինկթըն չի փափաքիր...

Զօր. Աուն Ֆրանսայի Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ Քննարկեց Բանակին Վերաբերող Հարցեր

Զօր. Աուն Ֆրանսայի Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ Քննարկեց Բանակին Վերաբերող Հարցեր

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Քրիսթիան Հերուն, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի դեսպանատան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ Ֆապրիս Շափելը, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան բանակին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով Փարիզի յանձնառութիւնը` օժանդակելու լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Հետազօտութիւններու եւ բարգաւաճումի ազգային կրթական կեդրոնի...

Պասիլ Եմէնցի Իր Պաշտօնակիցին Յղուած Նամակի Մը Մէջ Հաստատեց, Որ Լիբանան Ինքզինք Զանց Կը Կացուցէ Շրջանի Տագնապներէն

Պասիլ Եմէնցի Իր Պաշտօնակիցին Յղուած Նամակի Մը Մէջ Հաստատեց, Որ Լիբանան Ինքզինք Զանց Կը Կացուցէ Շրջանի Տագնապներէն

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին պատասխանեց Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ Եամանիի կողմէ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած նամակին, որ կ՛անդրադառնար Հըզպալլայի կողմէ Եմէնի ներքին հարցերուն միջամտութեան: Պասիլ իր պատասխան-նամակին մէջ ընդգծեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած կեցուածքը` հաստատելով, որ Լիբանան ինքզինք զանց կը կացուցէ շրջանի տագնապներէն եւ պատերազմներէն, ինչպէս նաեւ այլոց ներքին հարցերուն չի միջամտեր:

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Յանձնախումբը Լիբանանի Կառավարութեան Տրամադրութեան Տակ Կը Գտնուի»  Շեշտեց Նաուար Սահիլի

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Յանձնախումբը Լիբանանի Կառավարութեան Տրամադրութեան Տակ Կը Գտնուի» Շեշտեց Նաուար Սահիլի

Նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Հըզպալլայի նախաձեռնութեամբ կազմուած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի յանձնախումբը Լիբանանի կառավարութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ իրենք այդ աշխատանքին նախասիրութիւնը չունին: «Հըզպալլա այդ քայլին դիմեց, ի տես իր պարտականութիւնները կատարելու նկատմամբ լիբանանեան պետութեան արձանագրած ուշացումին», ըսաւ ան: Սահիլի հաստատեց, որ իրենք կառավարութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուին եւ չեն ձգտիր գերադասել զայն, «հետեւաբար, եթէ Լիբանանի եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները դիմագրաւել: ԱՔՔԱՐԻ Շատրա գիւղաքաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անունը կրող փողոցին: Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն շրջագիծին մէջ է, որ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի նախագահական պալատէն յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ Մեթնի կարիքները:

Նախագահ Աուն Ողջունեց 890 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Ապահովող Ռուսական Նախաձեռնութիւնը

Նախագահ Աուն Ողջունեց 890 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Ապահովող Ռուսական Նախաձեռնութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մաղթեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը արժանանայ նաեւ ՄԱԿ-ի զօրակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ տեղահանուածներուն դիմագրաւած տանջանքին, յատկապէս անոնց, որոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ տարածուած են: Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն յայտնեց, թէ Հելսինքիի նիստին ընթացքին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու...

Պըրրի Կը Վերահաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Անհրաժեշտութիւնը

Պըրրի Կը Վերահաստատէ Կառավարութեան Կազմութեան Անհրաժեշտութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Խազեն շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Խազեն նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է նաեւ երկրին դիմագրաւած ընկերային հարցերը, որոնք յաւելեալ բարդացումի ենթակայ են` ընդգծելով,...

Page 630 of 987 1 … 629 630 631 … 987

Արխիւներ