ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանը իր տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու կարեւորագոյն հիմնասիւնը Սուրիան է:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ Պրիթել շրջանին բնակիչները երէկ ճամբաները փակեցին հրկիզուող անիւներով` բողոքելով բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ներխուժումներուն, յատկապէս Համմուտիէի ներխուժումի գործողութեան ընթացքին իրենց հարազատներուն սպանութեան դէմ:
Աւելի ուշ բանակը յաջողեցաւ վերաբանալ ճամբան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է իր վերջնական որոշումը տայ եւ հետեւի կառավարութեան կազմութեան միացեալ չափանիշներուն:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ նախագահեց նիստի մը` շարունակելու համար քննարկումը նախարարութեան կողմէ մշակուած հինգ ծրագիրներու, որոնք կը վերաբերէին լիբանանեան գիւղական հինգ շրջաններու մէջ աղբի հարցի լուծման:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը շարունակէ յապաղում արձանագրել, ապա վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է այլ ձեւերու եւ ելքերու մասին մտածէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ Լիբանանը կարելի է միայն ազգային միասնականութեան կառավարութեամբ ղեկավարել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ նախատեսուած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ գումարել հանդիպում մը` կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցելու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ արտաքին ոչ մէկ հարց կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` ընդգծելով, որ մարոնի եւ տիւրզի համայնքներուն ներկայացուցչութեան վերաբերող հարցերը տակաւին ի զօրու են:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան նախագահական համաձայնութեան, որմէ դրական եւ արդիւնաբեր աշխատանք դուրս եկաւ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ երէկ նախագահելէ ետք արհեստագիտութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին, յայտնեց, որ արդէն իսկ մշակուած է յանձնախումբին քննարկելիք տեղեկատուութեան վերաբերող յատուկ օրինագիծը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հաստատեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ կազմել, եթէ յստակ չափանիշներու հիման վրայ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն կարելի չըլլայ աշխատիլ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կողմէ բնակարանային վարկերու ծրագիրին կատարուած զօրակցութիւնն ու յատկացումները օրէնքի խախտում կը նկատուին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումին կապուած բոլոր պատճառաբանութիւնները անկարողութեան եւ ձախողութեան պատրուակներ են:
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ մեքանիզմի ստուգման յատուկ կեդրոնին դիմաց երէկ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը` կազմակերպութեամբ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան: Նստացոյցին մասնակցեցաւ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար, որ շեշտեց, թէ անարդարութեամբ աշխատանքէ արձակելու օրերը աւարտած են` աւելցնելով, որ համադաշնակցութիւնը պիտի դիմէ մագլցողական քայլերու:
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ մեքանիզմի ստուգման յատուկ կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցած բողոքի նստացոյցին ընթացքին Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ իրենք այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-10:00 նստացոյց մը պիտի կատարեն նոյն կեդրոնին դիմաց` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին իրենք որոշած են փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստներուն դռները:
ՖԻՆԻՒԼ-Ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ պետական անվտանգութեան ուժերուն միջեւ տեղի ունեցաւ միացեալ ռազմափորձ մը, որ կը վերաբերէր պետական անձնաւորութիւններու պաշտպանութեան ձեւերուն եւ թեքնիքներուն: