Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան սովորութիւններէն չէ լուռ մնալ իր դէմ արձանագրուած ամբաստանութիւններուն դէմ: Ան հարց տուաւ, թէ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի ինչպէ՞ս լուռ մնացած է իրեն վերաբերող ամբաստանութիւններուն դէմ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը լուռ չէ մնացած իր դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն նկատմամբ, այլ` պատասխաններ եւ յստակացումներ կատարած է, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն ներկայացուցած պէտք եղած փաստաթուղթերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի հաստատեց, որ կառավարութեան ծնունդը մօտալուտ չէ, որովհետեւ նախարարաց խորհուրդի կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած հարցերը լուրջ լուծումներ չունին տակաւին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի շեշտեց, որ առիթները կորսնցնելու իմաստով Լիբանան այդքան բացառիկ եղած է, որ կրնայ մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ ընդգրկուիլ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան, երէկ հանդիպելէ ետք Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին հետ, հաստատեց, որ կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը պէտք է պատրաստ ըլլան աշխատելու ժողովուրդի շահերուն ի խնդիր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Ալամէ կոչ ուղղեց զօրակցելու ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին թղթածրարը ճիշդ ուղիի վրայ դրուած է` աւելցնելով, որ լիբանանցի անձնաւորութիւններուն Սուրիա կատարած այցելութիւնները անձնական են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Սաատ հաստատեց, որ ամէնէն աւելի իրենք կը դիւրացնեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ օրէնսդրական բոլոր կարելիութիւններուն եւ տուեալներուն ապահովման պարագային, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի չտատամսի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը կայացնելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ Լիբանան մեծ թիւով հարցեր դիմագրաւած է` սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երկրին իշխանութեան մաս կազմելու ախորժակներ չունի` աւելցնելով, որ Լիբանանի առեւտրական իրավիճակը Սուրիոյ հետ գործակցութիւն կ՛ենթադրէ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ մերձեցումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ մտերմութեան խզում չի նշանակեր:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի աղբիւրներէն, ընդգծեց, որ կառավարութեան հետ կապուած մթնոլորտը իսկական է եւ ճիշդ պատկերն է, որ կը դրսեւորէ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի քաղաքական բոլոր ուժերն ու համայնքները արդարօրէն ներկայացնելու կառավարութեան մէջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա կը մաղթէ, որ Լիբանան կարենայ մօտիկ ապագային նոր կառավարութիւն մը կազմել: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւններուն մօտիկ անձնաւորութիւններ տակաւին անկարելի կը նկատեն Լիբանանի նոր կառավարութեան ծնունդը:

Նախորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Յաջորդը

Թարապէյ Հաստատեց Լիբանանեան Դրամատուներուն Դիմադրողականութիւնը` Ներքին Եւ Արտաքին Մարտահրաւէրներուն Դէմ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?