Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով. «Առանց Բանակի Հայրենիք Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Օգոստոս 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ֆիատիէի Սպայից վարժարանի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակի նշումը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին վարչապետներ, մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:

Նախագահ Աուն Ֆիատիէ ժամանելէն անմիջապէս ետք ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին:

«Մեր տօնը օր մըն է, իսկ ապահովութիւնդ` ամէն օր» կարգախօսին ներքեւ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Սպայից վարժարանը աւարտող սպաները նախագահ Աունէն ստացան իրենց սուրերը եւ կոչուեցան «Բարձունքներու արշալոյսը» սերունդ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ բանակը կը մնայ տագնապներուն ընթացքին ինքզինք պարտադրող հզօրագոյն հեղինակութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ինք միշտ բանակին եւ անոր հրամանատարութեան կողքին պիտի կանգնի, ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ զայն հզօրացնելու, անոր մարտունակութեան մակարդակը բարձրացնելու եւ զայն արդիական եւ լաւագոյն զինուորական սարքերով սպառազինելու:

Նախագահ Աուն ողջունեց «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան նահատակները` դիտել տալով, որ բանակին կատարած տեսակարար այդ գործողութիւնը, որուն շնորհիւ ահաբեկչութիւնը պարտուեցաւ, փաստ մըն է, որ լիբանանեան բանակը հզօր է եւ կրցած է իրեն նկատմամբ միջազգային վստահութիւն ապահովել:

Անդրադառնալով կառավարութեան թղթածրարին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ նոր կառավարութիւնը պիտի ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը` առանց այս կամ այն քաղաքական տարրը լուսանցքայնացնելու կամ անոր դերակատարութիւնը ջնջելու:

«Վճռակամութեամբ պիտի գործեմ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ երկիրը դուրս բերելու կառավարութեան կազմութեան յապաղումի տագնապէն` առանց մէկը լուսանցքայնացնելու», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան ընդգծեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ շրջանին մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն մէջ համագործակցութեան մաս չկազմելը դաւաճանութեան համազօր է:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ յառաջիկայ փուլը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ երկիրն ու տնտեսութիւնը փրկելու փուլ մը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու ժամանակաշրջան մը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան երախտագէտ է առաջադրուած այն նախաձեռնութիւններուն, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորել:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը ամբողջական է` հարաւային Լիբանանը իսրայէլեան ախորժակներէն պաշտպանելու գծով` աւելցնելով, որ այդ դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար:

«Իսրայէլի փորձերը պիտի ձախողին, որովհետեւ Լիբանան պիտի կարենայ օգտուիլ իր բնական հարստութիւններէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի նաւթահորերու պեղման սեմին եւ այս նպատակով երկիրը մօտիկ ապագային պիտի դիմաւորէ նաւթ արտահանող միջազգային ընկերութիւններ:

Նախագահական Պալատին Մէջ

Կէսօրէ ետք Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն ընդունեց զօր. Ժոզեֆ Աունը` գլխաւորութեամբ սպաներու պատուիրակութեան, որ շնորհաւորեց նախագահը` բանակին հիմնադրութեան տօնին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին իր ցուցաբերած զօրակցութիւնը բնական է, որովհետեւ բանակը իր էութեան մաս կը կազմէ: «Լիբանան կարիքը ունի փորձառու եւ մարտունակ բանակի մը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան եւ Արսալի բախումներուն ընթացքին բանակին բարձր կարողութիւնները ի յայտ եկած են, եւ ան կրցած է տապալել ահաբեկչութիւնը եւ անոր քնացած բջիջները:

Նախագահ Աուն լիբանանեան բանակէն եւ սպաներէն խնդրեց իրենց ուսերուն դրուած պատասխանատուութեան տէրը ըլլալ եւ շարունակել նոյն ընթացքով, որովհետեւ առանց բանակի հայրենիք չկայ:

Իր կարգին, զօր. Աուն յայտնեց, որ նախագահ Աուն միշտ ալ հետեւած է բանակին կատարած գործողութիւններուն, ըլլայ ան «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան թէ Պրիթելի մէջ վերջերս կատարուած գործողութեան պարագային:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ նախագահ Աունի համար հիմնական հարց էր այդ գործողութիւններուն ընթացքին արձանագրուած մարդկային կորուստներուն պարագան եւ տպաւորիչ էր բոլորին համար ցուցաբերած հոգատարութիւնը:

«Կը խոստանանք նոյն գործելաոճով յաջողցնել բոլոր գործողութիւնները, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ձեր վարած նաւը ապահով ափ հասցնել: Կը շնորհաւորենք ձեզ բանակին տօնին առիթով եւ կը փոխանցենք մեր բարեմաղթութիւնները», եզրափակեց զօր. Աուն:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Սահմանադրութեան Թիւ 69-րդ Յօդուածը Խորհրդարանին Իրաւունք Կու Տայ Նման Կացութեան Պարագային Օրէնսդրական Աշխատանք Կատարելու»

Յաջորդը

48 Քոնկրեսականներ Թրամփին Կոչ Կ՛ուղղեն Հանդիպելու Հայաստանի Վարչապետին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?