Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որ շնորհաւորեց բանակը անոր հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին Ռիչըրտ ընդգծեց Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը` լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւններու տրամադրումը շարունակելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները: