Թայմուր Ժոմպլաթ. «Ռուսիա Այցելութեանս Նպատակը Տիւրզի Համայնքի Պաշտպանութիւնն Էր»
Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ռուսիա կատարած իր այցելութեան նպատակը տիւրզի համայնքի պաշտպանութիւնն էր: Ժոմպլաթ ըսաւ, թէ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումը` Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ, եղած է առիթ մը ամրապնդելու լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները: Ան նշեց, որ քննարկուած են տիւրզի համայնքին, յատկապէս...



















