Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով Շնորհաւորութիւնները Կը Շարունակուին

Օգոստոս 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով շնորհաւորութիւնները շարունակուեցան երէկ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան գրառումով մը ողջունեց բանակը եւ շնորհաւորեց անոր հիմնադրութեան 73-ամեակը: Ան նշեց, որ այսօր եւ ամէն օր կը յիշեն նահատակ բանակայիններն ու սպաները, ինչպէս նաեւ մեր զինեալ ուժերու անդամներէն իւրաքանչիւրին զոհողութիւնները, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան:

Հարիրի մաղթեց, որ լիբանանեան պետութիւնը բոլորէն բարձր մնայ եւ բոլորին անվտանգութիւնը երաշխաւորէ, ինչպէս նաեւ պաշտպանէ երկրին եւ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնը:

Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պատուոյ, զոհողութեան, հաւատարմութեան, հերոսութեան եւ գերիշխանութեան խորագիր մըն է: Հասպանի հաստատեց, որ բանակը արժանի է համակ յարգանքի:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց բանակը` հաստատելով, որ երկիրը տօնական մթնոլորտի մէջ է, որովհետեւ լիբանանեան բանակը պատիւ է, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն:

Ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի թուիթըրեան գրառումով մը նշեց. «Ուր որ բանակ կայ, հոն պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն կայ»: Ան ողջունեց բանակը եւ շնորհաւորեց անոր տօնը:

Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` շեշտելով, որ Լիբանանը իր արիւնով ներկած բանակը նախկին սերունդներէն լիբանանցիներուն մնացած ժառանգն է:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ողջունեց բանակն ու անոր նահատակները` շեշտելով, որ բանակը միշտ կը պայքարի հայրենիքի ազատագրումին, ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութեան հաստատումին ու անկախութեան պահպանումին համար:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ ողջունեց անոր նահատակները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` բանակի տօնին առիթով: Ան մեծապէս գնահատեց բանակի ոգին, կարգապահութիւնը, մարտունակութիւնը եւ հայրենիքին ու լիբանանցիին ապահովութեան համար անոր զոհողութիւններուն եւ անձնազոհութեան պատրաստակամութիւնը:

Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շնորհաւորեց բանակը` հաստատելով, որ 1 օգոստոսին հերոս նահատակներուն թափած արիւնը կը գրկէ հայրենիքի հողը եւ ծնունդ կու տայ ազգային արժանապատուութեան:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` հաստատելով, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը հայրենիքին սահմանները պաշտպանող բանակին ազգային խորագիրը կրնայ ըլլալ:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ շնորհաւորեց բանակը եւ անոր տօնին առիթով շեշտեց, որ նահատակ եւ վիրաւոր բանակայինները իրենց զոհողութիւններով պատիւ բերած են հայրենիքին:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Պահիա Հարիրի շնորհաւորեց բանակը եւ անոր հրամանատարը` դրուատելով բանակին դերակատարութիւնն ու գործունէութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիին պաշտպանութեան մէջ:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի պետ Ուալիտ Պուխարի ողջունեց լիբանանեան բանակն ու անոր անդամները, որոնք վերածուած են երկրին բարձունքներուն գտնուող մէկական մայրիի եւ ապառաժի:

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը հպարտանան բանակին գործընկերութեամբ: Ամերիկեան դեսպանատունը շնորհաւորեց նաեւ շրջանաւարտ սպաները, որոնք կոչուեցան «Բարձունքներու արշալոյս» սերունդ:

Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Շամիսի շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ վերահաստատեց Էմիրութիւններուն զօրակցութիւնը բանակին: Ան հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միշտ նեցուկ կանգնած են լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` հաստատելով, որ Էմիրութիւնները ռազմավարական իրենց կեցուածքին կառչած կը մնան եւ կը խոստանան «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացուած 200 միլիոն տոլարը յատկացնել բանակին` Լիբանանի կառավարութեան կազմութենէն ետք:

 

Նախորդը

Թրամփ Կը Յանձնարարէ Պատժամիջոցներ Հաստատել Թուրքիոյ Արդարադատութեան Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն Դէմ

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. Անյապաղ Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Կարենայ Դիմագրաւել Երկրին Դէմ Սպառնացող Մարտահրաւէրները

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ

Մայիս 12, 2025
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?