Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները,
երէկ առաւօտեան ժամը 5:30-էն սկսեալ գործադրեցին գործադուլ-նստացոյց մը, որուն ընթացքին փակեցին ինքնաշարժներու արձանագրութեան եւ մեքանիզմի ստուգման հիւսիսային Լիբանանի կեդրոնին մուտքը:
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս Նեֆաայի մէջ կատարուած նստացոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սենտիքաներն ու վարորդները աւելի յանձնառու են օրէնքին գործադրութեան, քան` պատասխանատու պաշտօնատարները:
Թլայս նշեց, որ իրենց պահանջն է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, որ պատասխանատուներուն խոստումով 48 ժամուան ընթացքին որոշումի պիտի վերածուէր, գործադրուի:
Թլայս հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց շարժումը, որովհետեւ իրաւատէրը իրենք են:
Թլայս համադաշնակցութիւնները հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի առաւօտեան, ճշդելու համար հինգշաբթի, 9 օգոստոս 2018-ին որդեգրուելիք քայլերը Պէյրութի միջազգային օդակայանի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ու Թրիփոլիի նաւահանգիստներու մուտքերուն դիմաց:
Իր կարգին, Վարորդներու եւ փոխադրութեան մարզին մէջ գործող աշխատաւորներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Մարուան Ֆայեատ յայտնեց, որ իրենց երկրին մէջ իրենք սկսած են տեղահանուած զգալ` կոչ ուղղելով գործադրելու օրէնքը:
Ֆայեատ հաստատեց, որ համադաշնակցութեան պահանջներուն շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացած է նախագահ Աունի, վարչապետ Հարիրիի եւ նախարար Մաշնուքի միջեւ, սակայն անոնք չեն անսար այդ համաձայնութեան գործադրութեան, «հետեւաբար մեր յաջորդ նստացոյցը պիտի կատարուի Պէյրութի միջազգային օդակայանի եւ Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց», ըսաւ ան:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար Նեֆաայի մէջ կատարուած նստացոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Ցամաքային փոխադրութեան
սենտիքաներու համադաշնակցութեան, որ կը պահանջէ փոխադրութեան մարզին վերաբերող յստակ ծրագիր մը:
Ասմար նշեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է տրուած որոշումները գործադրեն, այլապէս` իրենք պիտի ստիպուին մագլցողական քայլերու դիմելու յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:
Ասմար խստիւ դատապարտեց անարդար կերպով աշխատանքէ արձակումը` հաստատելով, որ այս հարցին նկատմամբ իրենք լուռ պիտի չմնան:
Նշենք, որ աւելի ուշ ցուցարարները վերջ տուին իրենց շարժումին` Թլայսի եւ Ասմարի կողմէ իրենց ստացած այն երաշխիքներէն ետք, թէ կեդրոնը պիտի ընդառաջէ իրենց պահանջներուն եւ զիրենք դարձեալ աշխատանքի պիտի ընդունի: