Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Բանակի Տօնին Առիթով Կազմակերպուած Զինուորական Շքերթին

August 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ֆիատիէի Սպայից վարժարանին մէջ պիտի նախագահէ շրջանաւարտ սպաներու հանդէսին եւ այդ առիթով պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ Լիբանանը յուզող քաղաքական հարցերուն, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ կարգ մը հարցերու շուրջ Լիբանանի կեցուածքներուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Բանակի օրուան նախօրեակին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նահատակ բանակայիններու զաւակներուն մէկ պատուիրակութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ նահատակութեան կորուստը հատուցելու միակ ձեւը հայրենիքին ի խնդիր պայքարի շարունակութիւնն է, որովհետեւ մեր նահատակները զոհուեցան այդ հայրենիքի կերտման տեսլականով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ նահատակ բանակայիններուն իր խոստումը այն էր, որ վերադառնայ իր աքսորէն եւ պայքարի ի խնդիր ազատ, անկախ եւ գերիշխան հայրենիքի կերտման, ուր հայրենիքին զաւակները բարօրութեամբ ու ապահովութեամբ կ՛ապրին:

Բանակի Հրամանատարին Օրուան Հրամանը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն բանակի տօնին առիթով հրապարակեց օրուան հրամանը, որուն մէջ  շեշտեց, որ բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակը նուաճումներով պսակուած է, յատկապէս ահաբեկչութիւնը տապալելու եւ մեծ թիւով ահաբեկիչներ ձերբակալելու իմաստով:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի երկրին ապօրինի անցքերը փակելով, ինչպէս նաեւ մագլցողական այլ գործողութիւններով, զորս բանակը պիտի կատարէ` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Զօր. Աուն նշեց, որ արաբական կարգ մը երկիրներ արիւնահեղութեան ականատես կը դառնան, եւ անոր հետեւանքներէն Լիբանան անպայման կ՛ազդուի: «Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի մնալու զգաստ, կազմ ու պատրաստ` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովութիւնն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը: Եթէ Լիբանան ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրեց, ապա ատիկա չի նշանակեր, որ ան ապահով է: Թշնամի Իսրայէլը շրջանին մէջ տիրող ահաբեկչութենէն միակ օգտուող կողմն է, եւ անոր հայեացքը միշտ յարած է մեր հողին եւ բնական հարստութիւններուն: Իսրայէլ ոչ մէկ առիթ պիտի փախցնէ յագեցնելու համար իր ախորժակները», ըսաւ զօր. Աուն:

Բանակի հրամանատարը ընդգծեց, որ իր բանակով հզօր Լիբանանը պիտի գոյատեւէ, որովհետեւ բանակը պիտի երաշխաւորէ անոր ապահովական կայունութիւնը եւ ետ պիտի մղէ որեւէ յարձակում: Ան նշեց, որ զոհողութիւններու համար հոգեպէս պատրաստ լիբանանեան բանակը հաստատ քայլերով կը յառաջանայ, եւ անոր կողմնացոյցը իր ուղղութիւնը չի փոխեր, այլ խօսքով` ուղղուած կը մնայ թշնամի Իսրայէլին եւ ահաբեկչութեան դէմ, նկատի ունենալով, որ այդ ահաբեկչութիւնը միայն Իսրայէլի շահերն ու նպատակները իրականացուց:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ներքին լիբանանեան կայունութիւնն ու ապահովութիւնը փարատած են մտահոգութիւնները եւ Լիբանանը վերածած հանգիստ վայրի, հակառակ երկրին դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապալի պայմաններուն: Ան նշեց, որ բանակը յանձնառու է ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու, որովհետեւ ապահովութիւնն է բարգաւաճումին հիմքը:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բանակայիններուն լիբանանցիներուն կողմէ իրենց շնորհուած վստահութեան արժանի զաւակները ըլլալու` հաստատելով, որ Լիբանանի ապահովութիւնը իրենց ճիտին պարտքն է:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակը

Յաջորդը

Զախարովա` Ազրպէյճան Այցելած Ռուս Քաղաքագէտներու Մասին «Ատիկա Պետական Դիրքորոշում Չէ, Սակայն Անոնք Ատոր Իրաւունքը Ունին»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.