Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ. «Պետութիւնը Մաքրագործումի Կարիք Ունի» Շեշտեց Ֆրենժիէ

August 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ տնտեսական հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ շեշտեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երեք ամիսէ ի վեր տակաւին կարելի չէ եղած նախարարաց նոր խորհուրդը կազմել, եւ անոր կազմութեան իմաստով տակաւին լուծումներ չկան:

Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք կը զօրակցի կառավարութեան կազմութեան նպատակով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերուն` նշելով, որ ինք նկարագիրով միշտ լաւատես է, սակայն Լիբանանի դիմագրաւած իրավիճակը զինք կը մղեն դէպի զգուշաւոր լաւատեսութիւն:

Ան յայտնեց, որ լաւատեսութիւն ներշնչող որոշ իրականութիւններ կան, սակայն նաեւ գոյութիւն ունին խոչընդոտներ, որոնք տիրող լաւատեսութիւնը կը խափանեն:

Ֆրենժիէ նշեց, որ Լիբանան կարիքը ունի դրական զարգացումներու եւ ոչ թէ ժխտական մթնոլորտի:

Անդրադառնալով Լիբանանի տնտեսական կացութեան` Ֆրենժիէ շեշտեց, որ այդ կացութիւնը վտանգաւոր է, սակայն յանկարծ չէ որ երեւան ելած է, այլ` տարիներու կուտակումի հետեւանք է: «Պետութիւնը մաքրագործումի կարիք ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երբ իշխանութեան վրայ եղողները իսկական պետական այրեր դառնան, կարելի է շատ բան իրագործել:

Նախորդը

Պասիլ Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ Նոր Նշանակուած Թուրք Դեսպանին Հաւատարմագիրը

Յաջորդը

Հզօր Լիբանանի Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Կազմութեան Համար Որդեգրելու Միացեալ Չափանիշներ

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.