Լիբանանեան

Ապպաս Իպրահիմ Ռայի Պատրիարքին Հետ  Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Ապպաս Իպրահիմ Ռայի Պատրիարքին Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցած Լիբանան-Սուրիա սահմանային պաշտպանութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առնչութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ստանձնած պարտականութիւնները: Հանդիպումին մասին Պքերքէի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին...

Մաշնուք Քալոթի Հետ Քննարկեց Ապահովական  Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Հեռանկարները

Մաշնուք Քալոթի Հետ Քննարկեց Ապահովական Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Հեռանկարները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պրազիլի Հանրապետութեան նախագահութեան յատուկ պատուիրակ` ռազմավարական հարցերու նախարար Հիւսէյն Քալոթը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Ժորժ Քատիրին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-պրազիլեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ նոյեմբերի երկրորդ կիսուն Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները: Քալոթ յայտնեց, որ հանդիպումը անդրադարձաւ ապահովական մարզին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանդիպելէ ետք ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու մէկ պատուիրակութեան հետ, շեշտեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի ելեկտրական հոսանքը անջատելու գծով լիբանանցիներուն սպառնալու: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ լիբանանցիներուն դիմաց Նսայպի անցքի օգտագործումը դիւրացնելու համար սուրիական իշխանութիւններուն հետ կապուելու խիստ կարիք կը զգացուի: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի համար կառավարութիւնը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ...

Թայմուր Ժոմպլաթ Վարչապետ Հարիրիի Հետ  Հանդիպումը Դրական Գնահատեց

Թայմուր Ժոմպլաթ Վարչապետ Հարիրիի Հետ Հանդիպումը Դրական Գնահատեց

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ Թայմուր Ժոմպլաթ նախանցեալ գիշեր այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումը դրական եղած է` նշելով, որ քննարկուած են շարք մը կարեւոր հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած է կառավարութեան կազմութիւնը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին, հիմնուելով հաստատ չափանիշի մը վրայ, որն...

Պըրրի. «Սուրիոյ Մասին Վարչապետ Հարիրիի  Յայտարարութիւնները Իրապաշտ Չեն»

Պըրրի. «Սուրիոյ Մասին Վարչապետ Հարիրիի Յայտարարութիւնները Իրապաշտ Չեն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն բնականոնացման մասին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտայայտած մերժողական կեցուածքին` յայտնելով, որ Սուրիոյ մասին վարչապետին յայտարարութիւնները իրապաշտ չեն եւ կրնան վնասակար ըլլալ: Ան նշեց, որ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները առկայ են, իսկ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդը արդէն իսկ կը գործէ, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով: «Վերջերս Սուրիայէն խնդրած ենք նաեւ համագործակցիլ Լիբանանին ելեկտրականութիւն...

Ապպաս Իպրահիմ Հութի Եւ Քալոթի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ապպաս Իպրահիմ Հութի Եւ Քալոթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Իպրահիմ բարձր գնահատեց Հութի աշխատանքը` լիբանանեան-գերմանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու առնչութեամբ, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ Հութի դիւանագիտական գործունէութեան աւարտը: Ապպաս Իպրահիմի այցելեց նաեւ Պրազիլի ռազմավարական հարցերու նախարար Հիւսէյն Քալոթ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Ժորժ Քատիրիի: Հանդիպումին...

Սինիորա. «Սէուտական Արաբիա Միշտ Լիբանանին  Կողքին Է` Դիմադրելու Համար Բոլոր Վտանգներուն»

Սինիորա. «Սէուտական Արաբիա Միշտ Լիբանանին Կողքին Է` Դիմադրելու Համար Բոլոր Վտանգներուն»

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միացեալ շահերը: Սինիորա հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ Լիբանանի կողքին եղած է եւ մնայուն կերպով զօրակցած անոր անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ դիմադրած է Լիբանանին սպառնացող բոլոր վտանգներուն: «Սէուտական Արաբիա յանձնառու է...

Սարրաֆ. «Ոմանք Չեն Փափաքիր Բարեկարգում Կատարել Եւ Երկրին Տնտեսութիւնը Բարգաւաճեցնել` Անձնական Շահերէ Մղուելով»

Սարրաֆ. «Լիբանան Կը Մերժէ Իր Գերիշխանութեան Դէմ Գործուած Ոտնձգութիւնները»

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պրազիլի հանրապետութեան նախագահութեան յատուկ պատուիրակ` ռազմավարական հարցերու նախարար Հիւսէյն Քալոթը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Ժորժ Քատիրին: Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ մեծապէս գնահատեց պրազիլական զօրամասին մասնակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ գնահատեց Պրազիլի եւ պրազիլաբնակ լիբանանցիներուն ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութիւնը ամրապնդելու առումով:...

«Բրիտանիա Կը Հպարտանայ Լիբանանեան Բանակին  Գլխաւոր Դաշնակիցը Ըլլալուն Համար»   Ընդգծեց Շորթըր

«Բրիտանիա Կը Հպարտանայ Լիբանանեան Բանակին Գլխաւոր Դաշնակիցը Ըլլալուն Համար» Ընդգծեց Շորթըր

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, որ աւարտեց Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը, մասնակցեցաւ Ռայաքի մէջ Սահմանային պաշտպանութեան մարզումներու կեդրոնի բացման արարողութեան` նկատի ունենալով, որ վերջին տարիներուն Լիբանան-Սուրիա սահմանային հսկողութեան նպատակով Բրիտանիա աւելի քան 60 միլիոն փաունտ յատկացուցած է` Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու տրամադրած օժանդակութիւններուն կողքին: Այս կեդրոնի բացման առիթով Շորթըր շնորհաւորեց լիբանանեան բանակին իրագործած մեծ յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին ընթացքին արտասանուած քարոզին մէջ հաստատեց, որ այս տօնը Լիբանանի մէջ կարեւորութիւն պէտք է ստանայ այն իմաստով, որ լիբանանցի պատասխանատուները իրենց անձնական շահերը փոխարինեն Լիբանանի շահերով: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական անձնաւորութիւններու զիջողական կեցուածքին, ինչպէս նաեւ այն համոզումին, որ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ վաղը` հինգշաբթի, 16 օգոստոս 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 17 օգոստոսին:

«Ինչպէս 2006-ի Յուլիսեան Պատերազմին Յաղթեցինք,  Նոյնպէս Ալ Դիմադրութեան Առանցքին Դէմ  Մղուող Պատերազմին Պիտի Յաղթենք»   Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Ինչպէս 2006-ի Յուլիսեան Պատերազմին Յաղթեցինք, Նոյնպէս Ալ Դիմադրութեան Առանցքին Դէմ Մղուող Պատերազմին Պիտի Յաղթենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

2006-ին, Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին 12-ամեակին առիթով, Հըզպալլա երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին Հարաւային արուարձաններու Աշուրայի հրապարակին վրայ կազմակերպեց տօնակատարութիւն մը: «Ձեզմով կը յաղթենք» կոչուած յաղթանակի այս տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ եւ Դիմադրութեան...

Բագրատունի Այցելեց Բանակի Սպայակոյտի Պետին

Բագրատունի Այցելեց Բանակի Սպայակոյտի Պետին

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաքի, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ընդհանրապէս եւ լիբանանեան բանակի արձանագրած յաջողութիւնները սահմանային շրջաններու պաշտպանութեան եւ երկրի անվտանգութեան ապահովութեան ի խնդիր: Բագրատունի, բարձր գնահատելով ներկայ փուլին բանակի դերակատարութիւնը, շեշտեց հայ համայնքի անվերապահ աջակցութիւնը զինեալ ուժերուն նկատմամբ:  

Նախագահ Աուն Լիբանանեան-Պրազիլեան  Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու  Առաջարկ Մը Ստացաւ Միշել Թամերէն

Նախագահ Աուն Լիբանանեան-Պրազիլեան Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Առաջարկ Մը Ստացաւ Միշել Թամերէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի ռազմավարական հարցերու նախարար Հիւսէյն Քալոթը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Ճորճ Ճերալտօ Քատիրի: Հանդիպումին ընթացքին Քալոթ նախագահ Աունին յանձնեց գրաւոր նամակ մը` Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերէն, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի փոխանցեց պրազիլցի անոր պաշտօնակիցին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Նամակին մէջ անդրադարձ կատարուած էր լիբանանեան-պրազիլեան պատմական յարաբերութիւններուն եւ յոյս յայտնուած...

Պըրրի Պահանջեց Հաշիշի Մշակման  Օրինականացման Օրէնքը Քանի Մը  Օրէն Վերջնականացնել

Պըրրի Պահանջեց Հաշիշի Մշակման Օրինականացման Օրէնքը Քանի Մը Օրէն Վերջնականացնել

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք նշուեցաւ, որ պլոքը ընդգծած է Լիբանանեան համալսարանին զօրակցելու եւ զայն վարկաբեկելու ու ազգային դերակատարութիւնը չքացնելու բոլոր փորձերը ետ մղելու կարեւորութիւնը: Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը շեշտեց նաեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն տուժած բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն, ինչպէս նաեւ ձիթապտուղի...

«Նախագահ Աունի Պիտի Այցելեմ,  Երբ Կառավարութեան  Կազմութեան Գծով Նորութիւն Մը Ունենամ»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Նախագահ Աունի Պիտի Այցելեմ, Երբ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Նորութիւն Մը Ունենամ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ, նախագահելէ ետք Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմը վերջնականացնելու համար տակաւին ժամանակի կարիք կայ: Ան շեշտեց, թէ ճի՛շդ է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ցարդ յառաջընթաց մը չէ արձանագրած, սակայն նուազագոյնը քաղաքական ուժերուն միջեւ լարուածութիւնը վերացած է: Ան նշեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր իրենց պահանջներուն կառչած կը մնան` աւելցնելով, որ ոմանք որոշ զիջումներ...

Զօր. Աուն Բրիտանացի Եւ Ռուս  Պաշտօնատարներու Հետ Քննարկեց  Ապահովական Հարցեր

Զօր. Աուն Բրիտանացի Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ Քննարկեց Ապահովական Հարցեր

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ ապահովական մարզի գործակցութեան, յատկապէս սահմանային պաշտպանութեան ծրագիրի բրիտանացի պատասխանատու, ռազմավարական խորհրդական, հանգստեան կոչուած զօրավար Կրէյմի Լեմպը` ընկերակցութեամբ բրիտանական զինուորական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Ալեքս Հիլթըն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ցամաքային սահմաններու պաշտպանութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի հաստատեց, որ ելեկտրածին շարժակներու հայթայթած ելեկտրականութիւնը օգտագործելու համար յատուկ ժամացոյցներ զետեղելու դրութիւնը ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, եւ առիթ պիտի տայ, որ սպառողին վճարելիք սակը հակակշիռի տակ ըլլայ: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակին մէջ քաղաքացիները հիմնական դերակատարութիւն ունէին: ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ կարգերուն մէջ դասաւանդելու պայմանագրութիւն ստորագրած ուսուցիչներու շարժումի...

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպելէ Ետք.  Ցամաքային Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւնները Երկու Շաբաթով  Կասեցուցին Իրենց Մագլցողական Քայլերը

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպելէ Ետք. Ցամաքային Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւնները Երկու Շաբաթով Կասեցուցին Իրենց Մագլցողական Քայլերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի եւ ընկերակցութեամբ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայսի եւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու է գործադրելու այն համաձայնութիւնը, որ աւելի քան տարի մը առաջ գոյացած...

Վարչապետ Հարիրի Արպիտի Հետ Քննարկեց  Երկրին Տնտեսական Եւ Ընկերային Հարցերը

Վարչապետ Հարիրի Արպիտի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Եւ Ընկերային Հարցերը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որ հրաժեշտ տուաւ Հարիրիին` Լիբանանի մէջ դիւանագիտական իր պաշտօնավարութիւնը աւարտելու առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրի մեծապէս գնահատեց Շորթըրի ջանքերը` լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու առնչութեամբ: Հարիրի ընդունեց նաեւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի դիւանը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի: Հանդիպումէն...

Page 625 of 987 1 … 624 625 626 … 987

Արխիւներ