Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միացեալ շահերը:
Սինիորա հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ Լիբանանի կողքին եղած է եւ մնայուն կերպով զօրակցած անոր անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ դիմադրած է Լիբանանին սպառնացող բոլոր վտանգներուն:
«Սէուտական Արաբիա յանձնառու է լիբանանեան պետութեան կողքին մնալու, որպէսզի անիկա իր գերիշխանութիւնը պարտադրէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ տնտեսական բարգաւաճում իրականացնէ», ըսաւ Սինիորա: