ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանդիպելէ ետք ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու մէկ պատուիրակութեան հետ, շեշտեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի ելեկտրական հոսանքը անջատելու գծով լիբանանցիներուն սպառնալու:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ լիբանանցիներուն դիմաց Նսայպի անցքի օգտագործումը դիւրացնելու համար սուրիական իշխանութիւններուն հետ կապուելու խիստ կարիք կը զգացուի:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի համար կառավարութիւնը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ պահանջուած է արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը յանձնառու է պահպանելու Պէյրութը եւ ամբողջ Լիբանանը, ինչպէս նաեւ պատրաստ է դիմադրելու որեւէ բռնարարքի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութեան կազմութեան նշոյլներ գոյութիւն չունին, իսկ հանգոյցները լուծումներ ստանալու փոխարէն կը փոխուին:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները շահաբեր են` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Սուրիոյ հիւրընկալութիւնը չի վայելեր:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ երբ վարչապետ Սաատ Հարիրի քարահանքերու առումով Ալա Խաուաժայի գործընկերը ըլլայ, փտածութեան հասցէն յստակ կը դառնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի խոչընդոտումին հիմնական պատճառը ներքին է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է գրաւ դնէ հանրապետութեան նախագահին վրայ ճնշում բանեցնելու եւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին իմաստով զիջումներ պահանջելու իմաստով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սուրիական սահմանային իրավիճակը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանին յանձնեց իր ինչքերուն եւ ունեցուածքին մասին տեղեկագիր մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր ըսաւ. «Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մերժողը կ՛ուղղուի Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման»:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին դրդապատճառները իմանալու համար պէտք է հարց տալ վարչապետ Ալա Խաուաժային:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող ծրագիր մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ հարցը նախարարական չափաբաժիններ ստանալէ շատ աւելի վեր է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի շահերուն կը ծառայէ այսօր կառավարութիւնը կազմել, որովհետեւ ինչ որ այսօր կարելի է կատարել, աւելի ուշ կրնայ կարելի չըլլալ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, որ իրենք կառչած կը մնան ուժային նախարարութիւն մը ստանալու իրենց իրաւունքին, նախքան որեւէ այլ հարց քննարկելը: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանքին եւ հանրապետութեան նախագահին տրուելիք տասը նախարարութիւններուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են: