Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Լիբանանեան-Պրազիլեան Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Առաջարկ Մը Ստացաւ Միշել Թամերէն

August 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի ռազմավարական հարցերու նախարար Հիւսէյն Քալոթը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Ճորճ Ճերալտօ Քատիրի:

Հանդիպումին ընթացքին Քալոթ նախագահ Աունին յանձնեց գրաւոր նամակ մը` Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերէն, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի փոխանցեց պրազիլցի անոր պաշտօնակիցին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:

Նամակին մէջ անդրադարձ կատարուած էր լիբանանեան-պրազիլեան պատմական յարաբերութիւններուն եւ յոյս յայտնուած յառաջիկային այդ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու:

Թամեր վստահութիւն յայտնած էր, որ նախագահ Աունի իշխանութեան ընթացքին երկկողմանի համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամուր ըլլալու իրողութիւնը` հաստատելով, որ երկու երկիրները իրարու միացնողը մարդկային կապն է, որ ամուր է եւ հզօր:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ծագումով լիբանանցի քաղաքացիներուն իրագործումները` հաստատելով, որ Լիբանան իր կապը ամուր կը պահէ արտերկրի լիբանանցիներուն հետ:

«Ասիկա կը փաստեն արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած խորհրդաժողովները, որոնք ընդգրկեցին արտերկրի լիբանանցիներու հսկայ պաշար մը, որոնցմէ շատեր Լիբանանի հետ իրենց կապուածութիւնը գործնականի վերածեցին եւ քաղաքացիութիւն ստացան` օգտուելով այդ օրէնքի դրութենէն: Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացող ծագումով լիբանանցի պրազիլցիներուն թիւը մեծ է», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն իր ողջոյնները փոխանցեց Միշել Թամերին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պրազիլական զօրամասին:

Ան շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական, յատկապէս` լիբանանեան եւ պրազիլական բանակներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Քալոթ յայտնեց, որ նախագահ Թամեր սկզբունքով յառաջիկայ նոյեմբերի երկրորդ կիսուն պիտի այցելէ Լիբանան: Ան աւելցուց, որ Պրազիլ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օժանդակելու լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ պրազիլական ուժերը պիտի շարունակեն հարաւային Լիբանանի սահմաններուն հսկող ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմել:

Նախորդը

Պըրրի Պահանջեց Հաշիշի Մշակման Օրինականացման Օրէնքը Քանի Մը Օրէն Վերջնականացնել

Յաջորդը

Բագրատունի Այցելեց Բանակի Սպայակոյտի Պետին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.