Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ինչպէս 2006-ի Յուլիսեան Պատերազմին Յաղթեցինք, Նոյնպէս Ալ Դիմադրութեան Առանցքին Դէմ Մղուող Պատերազմին Պիտի Յաղթենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Օգոստոս 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

2006-ին, Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին 12-ամեակին առիթով, Հըզպալլա երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին Հարաւային արուարձաններու Աշուրայի հրապարակին վրայ կազմակերպեց տօնակատարութիւն մը:

«Ձեզմով կը յաղթենք» կոչուած յաղթանակի այս տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ եւ Դիմադրութեան տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեկոյեան ժամը 9:30-ին հանդէս եկաւ պատկերասփռուած ճառով մը, որուն մէջ շնորհաւորեց բոլորը 2006-ին Դիմադրութեան արձանագրած աստուածային յաղթանակին առիթով:

«12 տարի ետք կու գամ ըսելու, որ ձեր արձանագրած յաղթանակը պատմական էր, իսկ այս օրը` օրհնուած, որովհետեւ անոր շնորհիւ է, որ Լիբանանը եւ շրջանը արձանագրեցին շարք մը յաղթանակներ` տապալելով մեծ դժուարութիւններ եւ դաւադրութիւններ», ըսաւ ան:

Ան ողջունեց նահատակներն ու վիրաւորները, նախկին նախագահները, քաղաքական ուժերն ու լրատուամիջոցները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի տարածքին գործող բոլոր լաւ ու բարի մարդիկը, յատկապէս` Իրանն ու Սուրիան, որոնք Լիբանանի նկատմամբ զօրակցական պատմական կեցուածք որդեգրեցին, ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ քանի մը օրէն իրենք Հերմելի մէջ պիտի նշեն յուլիսեան անցեալ տարուան պատերազմին Ա. տարեդարձը` պանծացնելով ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ Լիբանանի արձանագրած միւս յաղթանակը:

«Ինչպէս 2006-ի յուլիսեան պատերազմին յաղթեցինք, նոյնպէս ալ Դիմադրութեան առանցքին դէմ մղուող պատերազմին պիտի յաղթենք, եւ այդ յաղթանակը մօտիկ ապագային պիտի տօնենք», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան ըսաւ, որ եթէ վերադառնանք 2006-ի յուլիսեան պատերազմի դրդապատճառներուն, կը տեսնենք, որ անոնց նպատակն էր ամերիկեան ծրագիրի իրականացումը, որն է Հըզպալլայի անձնատուր ըլլալը եւ Դիմադրութեան վրայ ճնշում բանեցնելը, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա եւ Լիբանան-բռնագրաւուած Պաղեստին սահմաններուն վրայ ու Պէյրութի միջազգային օդակայանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղակայել տարբեր քաղաքացիութիւն կրող ուժեր` ամերիկեան հովանաւորութեան տակ, որպէսզի իրենց ծրագիրը իրականացնէին նաեւ Սուրիոյ ու Կազայի մէջ եւ Իրանը մեկուսացնէին` զայն հարուածելու նպատակով եւ Դիմադրութեան առանցքը ոչնչացնելու համար:

«Սակայն Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը ուշացուց անոնց ծրագիրներուն իրագործումը, եւ անոնք ստիպուեցան անցնող 7 տարուան ընթացքին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծրագիրին դիմել` ապահովելու համար Իսրայէլի շահերը: Իսկ այս բոլորին զուգահեռ, բոլորին համար բացայայտ է, որ Իսրայէլ մտահոգ է Լիբանանի ուժէն եւ կը նկատէ, որ հոն կը գտնուի իրեն դէմ սպառնալիք մը: Այդ պատճառով ալ ան կը պահուըտի քարաշէն պատերու ետին եւ միշտ ռազմավարութիւններ կը մշակէ, զանոնք փոփոխութեան կ՛ենթարկէ, ռազմափորձեր կը կատարէ եւ կը փորձէ ամրապնդել իր ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Իսրայէլ 12 տարիէ ի վեր կը սպառնայ պատերազմիլ, սակայն միաժամանակ ան միշտ կը հետեւի Դիմադրութեան եւ կը խօսի նաեւ Հըզպալլայի ուռճացող ուժին մասին, ինչ որ ողջունելի է», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա իր այսօրուան դրութեամբ` իր հիմնադրութենէն ի վեր հզօրագոյն փուլին մէջ կը գտնուի, եւ իսրայէլեան բանակէն շատ աւելի հզօր է իր մարտիկներով, որովհետեւ ան ինքնավստահօրէն կը պայքարի իր արդար դատին համար, հաւատք ունի իր ուժին ու կորովին վրայ, համբերատար է ու համոզուած իր արձանագրելիք յաղթանակով:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ արձանագրուած յաղթանակներուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Իսրայէլ չի կրնար նախապայման պարտադրել` ո՛չ յաղթական Սուրիոյ, ո՛չ Դիմադրութեան, ո՛չ Հըզպալլային եւ ո՛չ ալ Իրանին:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ահաբեկչութիւնը ստեղծող եւ զայն ֆինանսաւորող Միացեալ Նահանգներն ու Սէուտական Արաբիան պիտի ձախողին դարու համաձայնագիրը ստորագրել, որովհետեւ անոնք պիտի անդրադառնան, որ այդ համաձայնագիրը անձնասպանական համաձայնագիր մըն է եւ Իրան շրջանին հզօրագոյն երկիրն է, որ ամերիկեան ոչ մէկ պատժամիջոցի պատճառով ծնրադիր կը խոնարհի:

Ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ներքին իմաստով Հըզպալլա եւս հզօր է` մաղթելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը չ՛ուշանար:

Ան ընդգծեց քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններն ու երկխօսութիւնը պահելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ փողոց իջնելու կարելիութիւնը պէտք է մէկդի դնել եւ պահպանել Լիբանանի վայելած ապահովութեան ու անվտանգութեան գանձը:

Ան նշեց, որ եթէ ոմանք շրջանային փոփոխութիւններու վրայ դնելով իրենց յոյսը` կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշացնեն, կը սխալին: «Ի վերջոյ մեր ներկայացուցած եւ պաշտպանած առանցքն է, որ պիտի յաղթէ: Իսկ եթէ փաստուի, որ իրապէս շրջանային փոփոխութիւններու սպասելու նպատակով է, որ նախարարաց խորհուրդի կազմութեան աշխատանքները յապաղած են, ապա մենք մեր համեստութենէն դուրս պիտի գանք եւ այլ պահանջներ ներկայացնենք: Սուր կեցուածքներ չորդեգրելու եւ ճկուն մնալու խորհուրդ կու տամ երկրին կարգ մը պատասխանատուներուն, որոնց հետ Սուրիոյ հարցով տարակարծիք ենք», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ փտածութեան դէմ պայքարին առումով իրենք լուրջ են` ընդգծելով, որ երկրին բարգաւաճումը իրարու դէմ հակադրուելով չէ, որ կ՛իրականանայ, այլ` համագործակցութեամբ եւ իրարու նկատմամբ ցուցաբերուած հանդուրժողականութեամբ:

Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ կայ պատմական որոշում` բոլոր հարցերը միասին դիմագրաւելու:

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Բանակի Սպայակոյտի Պետին

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?