Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ Թայմուր Ժոմպլաթ նախանցեալ գիշեր այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումը դրական եղած է` նշելով, որ քննարկուած են շարք մը կարեւոր հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած է կառավարութեան կազմութիւնը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին, հիմնուելով հաստատ չափանիշի մը վրայ, որն է երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունած է վարչապետ Հարիրիի անձնական ներկայացուցիչ Ժորժ Շաապանը:
Հանդիպումին ընթացքին Շաապան Պոկտանովին ներկայացուցած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուող ջանքերը: Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորելու յարմարագոյն պայմանները: