Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ, նախագահելէ ետք Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմը վերջնականացնելու համար տակաւին ժամանակի կարիք կայ:
Ան շեշտեց, թէ ճի՛շդ է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ցարդ յառաջընթաց մը չէ արձանագրած, սակայն նուազագոյնը քաղաքական ուժերուն միջեւ լարուածութիւնը վերացած է:
Ան նշեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր իրենց պահանջներուն կառչած կը մնան` աւելցնելով, որ ոմանք որոշ զիջումներ կը կատարեն: «Մենք ազգային միասնականութեան կառավարութիւն պիտի կազմենք, եւ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ այդ կառավարութեան մաս պիտի կազմէ` ըստ քաղաքական համաձայնութեան», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ շրջանային զարգացումները ոչ մէկ կապ ունին կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն դիմագրաւած խոչընդոտներուն հետ: «Ընդհակառակն` ներկայ կացութիւնը զուտ լիբանանեան ձախողութիւն կարելի է որակել», ըսաւ Հարիրի` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները հոյակապ են եւ հեզասահ, իսկ Ռիատ յանձնառու է Լիբանանի կառավարութեան անյապաղ կազմութեան:
Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն դիմագրաւած խոչընդոտներուն գծով քաղաքական ոչ մէկ կողմ պէտք է մեղադրել, որովհետեւ բոլորը գիտեն այդ դժուարութիւններուն իսկական պատճառները: Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ նախագահ զօր. Միշել Աունի պիտի այցելէ, երբ կառավարութեան կազմութեան իմաստով նորութիւն ունենայ ներկայացնելու հանրապետութեան նախագահին:
Անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին` վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ ան երկիրը բաղկացնող հիմնական շերտերէն է` աւելցնելով, որ ան երեսփոխանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է իր ներկայացուցած ընտրաշրջաններուն մէջ:
Հարիրի շեշտեց, որ տեղեկատուական մարզին մէջ հնչող ցեխարձակումները պէտք է հանդարտեցնել:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց նաեւ, որ ինք կը մերժէ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն վերահաստատումը` աւելցնելով, որ այս հարցը իրեն համար անքննարկելի է, իսկ եթէ ոմանք կը փափաքին Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերահաստատումը` Նսայպի անցքի բացումին շրջագիծին մէջ, ապա կառավարութիւն պիտի չկազմուի:
Անդրադառնալով նախարարութիւններու չափաբաժիններու բաժանման հարցին` վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ նախագահ Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ համաձայնութիւն գոյացած է անոնց յանձնելու 10 նախարար` շեշտելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան արդար իրաւունքն է փոխվարչապետի պաշտօն կամ ուժային նախարարութիւն մը պահանջել:
Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց պրազիլական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Պրազիլի ռազմավարական հարցերու նախարար Հիւսէյն Քալոթի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քալոթ հաստատեց, որ Լիբանան այս այցելութիւնը Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերի թելադրանքով կը կատարէ` աւելցնելով, որ անոր նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւել` պաշտպանութեան, տնտեսութեան եւ արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անիկա յառաջիկայ նոյեմբերին նախագահ Թամերի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներու այցելութիւն կը նկատուի:
ՆՇԵՆՔ, որ Ատհայի տօնին առիթով վարչապետ Հարիրի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երեքշաբթի, 21, չորեքշաբթի, 22 եւ հինգշաբթի, 23 օգոստոսին: