Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որ հրաժեշտ տուաւ Հարիրիին` Լիբանանի մէջ դիւանագիտական իր պաշտօնավարութիւնը աւարտելու առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հարիրի մեծապէս գնահատեց Շորթըրի ջանքերը` լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու առնչութեամբ:
Հարիրի ընդունեց նաեւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի դիւանը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի:
Հանդիպումէն ետք Արպիտ յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն էր երկրին տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն մասին վարչապետին հետ խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Ան նշեց նաեւ, որ Հարիրիին ներկայացուցած է Տնտեսական ընկերային խորհուրդին աշխատանքները, որոնց շարքին` բնակարանային վարկերու թղթածրարը` մշակելէ ետք բնակարանային վարկերու յստակ քաղաքականութիւն:
Արպիտ յայտնեց, որ խորհուրդը կը սերտէ նաեւ օտար աշխատաւորներու հարցն ու արդիւնաբերութեան մարզը աշխուժացնելու կարելիութիւնները` հիմնուելով մօտիկ ապագային հրատարակուելիք տնտեսական հետազօտութեան վրայ:
Արպիտ ընդգծեց նաեւ, որ իրենք վարչապետ Հարիրին տեղեակ պահած են քաղաքական տարբեր ուժերու հետ իրենց հանդիպումներուն մասին` մեկնելով այն դիտանկիւնէն, որ տնտեսութիւնը միացեալ մտահոգութիւն է եւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդը այդ հարցերը քննարկելու յարմարագոյն մարմինն է:
Ան նշեց, որ իրենք վարչապետը իրազեկած են նաեւ խորհուրդի յանձնախումբերուն մշակած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն նոր կառավարութեան կազմութեան, որպէսզի իրենց առաջարկները ներկայացնեն անոր:
Արպիտ իր յայտարարութիւնը եզրափակեց հաստատելով, որ Տնտեսական ընկերային խորհուրդը վերադարձած է աշխատանքի: