Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպելէ Ետք. Ցամաքային Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւնները Երկու Շաբաթով Կասեցուցին Իրենց Մագլցողական Քայլերը

Օգոստոս 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի եւ ընկերակցութեամբ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայսի եւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու է գործադրելու այն համաձայնութիւնը, որ աւելի քան տարի մը առաջ գոյացած էր` աւելցնելով, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն ըլլալու կարգավիճակը չ՛արգիլեր, որ կառավարութիւնը օրէնքները գործադրէ եւ անոնց խախտումը արգիլէ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք անձամբ պիտի հետեւի նախարարութիւններու եւ համապատասխան կառոյցներու աշխատանքին` ինչ կը վերաբերի Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու եւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւններու պահանջներուն գործադրութեան:

Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ երեք համադաշնակցութիւնները իրենց ծրագրած մագլցողական քայլերը պիտի դադրեցնեն մինչեւ սեպտեմբերի սկիզբ:

Իր կարգին, Թլայս շեշտեց, որ գործադուլը նպատակ չէ, այլ` միջոց, եւ աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահը միշտ ալ լսած է իրենց արդար պահանջները:

Ան նկատել տուաւ, թէ համադաշնակցութիւնները որոշեցին առիթ տալ, որ նախագահ Աուն պատասխանատուներուն հետ հանդիպի եւ նախապէս տրուած որոշումներուն գործադրութեան առիթ ստեղծէ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Դրամատուներու քննիչ խորհուրդի նախագահ Սամիր Համմուտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց դրամատնային մարզին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Համմուտ շեշտեց, որ Լիբանանի դրամատուներուն կացութիւնը մտահոգիչ չէ, ընդհակառակն` դրամատնային կացութիւնը բաւական առողջ վիճակի մէջ է` նկատի ունենալով Կեդրոնական դրամատան կողմէ դրամատնային մարզի լաւ կառավարումը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Աքքարի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ընկերակցեցան երեսփոխաններ Հատի Հպէյշ, Մուսթաֆա Սլէյման, Ասսատ Տըրղամ, Թարեք Մերեհպի եւ Ուեհպէ Քաթիշա:

Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցան Աքքարի կարիքները, որոնց անսալով նախագահ Աուն շեշտեց Աքքարի մէջ ընկերային եւ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ինք պիտի հովանաւորէ Աքքարի բարգաւաճման ծրագիրները` յանձնառու մնալով Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրականացնելու իր խոստումին:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Արպիտի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Եւ Ընկերային Հարցերը

Յաջորդը

Մհեր Մարգարեան Նշանակուած Է ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Մնայուն Ներկայացուցիչ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?