Պըրրի Մաշնուքի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը եւ ապահովական կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր. անոր այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռոլան Խուրի: Միւս կողմէ, Պըրրի իր...



















