Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ. «Լիբանան Կը Մերժէ Իր Գերիշխանութեան Դէմ Գործուած Ոտնձգութիւնները»

Օգոստոս 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պրազիլի հանրապետութեան նախագահութեան յատուկ պատուիրակ` ռազմավարական հարցերու նախարար Հիւսէյն Քալոթը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Ժորժ Քատիրին:

Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ մեծապէս գնահատեց պրազիլական զօրամասին մասնակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ գնահատեց Պրազիլի եւ պրազիլաբնակ լիբանանցիներուն ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութիւնը ամրապնդելու առումով:

Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ իր գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները եւ կառչած կը մնայ իր հարստութիւններուն: Ան հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան ոչ մէկ միտում ունի ոեւէ մէկուն դէմ յարձակում գործելու:

Իր կարգին, Քալոթ Սարրաֆին փոխանցեց Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերի ողջոյններն ու ապահովական եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումին ու բարելաւումին վերաբերեալ ջանքեր գործադրելու պատրաստակամութիւնը:

Քալոթ նշեց, որ Միշել Թամեր Լիբանան պիտի այցելէ յառաջիկայ նոյեմբերի երկրորդ կիսուն` աւելցնելով, որ Պրազիլ պատրաստ է օժանդակելու լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ հաստատելով, որ Պրազիլ բարձր կը գնահատէ Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները` մաղթելով զանոնք ամրապնդել:

Սարրաֆ եւ Քալոթ համաձայնեցան երկրորդ հանդիպում մը կատարել յառաջիկայ կիրակի օր` քննարկելու համար երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու համաձայնագիրը:

Նշենք, որ Սարրաֆի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզ. անոր այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

 

 

Նախորդը

«Բրիտանիա Կը Հպարտանայ Լիբանանեան Բանակին Գլխաւոր Դաշնակիցը Ըլլալուն Համար» Ընդգծեց Շորթըր

Յաջորդը

Սինիորա. «Սէուտական Արաբիա Միշտ Լիբանանին Կողքին Է` Դիմադրելու Համար Բոլոր Վտանգներուն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?