Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի հաստատեց, որ ելեկտրածին շարժակներու հայթայթած ելեկտրականութիւնը օգտագործելու համար յատուկ ժամացոյցներ զետեղելու դրութիւնը ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, եւ առիթ պիտի տայ, որ սպառողին վճարելիք սակը հակակշիռի տակ ըլլայ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակին մէջ քաղաքացիները հիմնական դերակատարութիւն ունէին:

ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ կարգերուն մէջ դասաւանդելու պայմանագրութիւն ստորագրած ուսուցիչներու շարժումի նախագահ Համզա Մանսուր կոչ ուղղեց վաղը` հինգշաբթի, 16 օգոստոս 2018-ին, բողոքի նստացոյց կատարելու կրթութեան նախարարութեան դիմաց, ապա քայլարշաւ մը կատարելու դէպի Այն Թինէ` իրենց պահանջները յանձնելու համար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Նստացոյցը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իսկ քայլարշաւը կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Նեպիլ Մասարուայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած դրական երեւոյթները շօշափելի դարձան վարչապետ Սաատ Հարիրիի ունեցած վերջին հանդիպումներէն ետք:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ հաստատեց, որ իրենք կառավարութենէն կը պահանջեն իրենց բնական չափաբաժինը եւ ոչ ոքի շահերուն դիմաց պիտի զիջին իրենց շահերէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ հաստատեց, որ տիրող ներկայ իրավիճակը չի քաջալերեր, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մաս կազմէ կառավարութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նեզիհ Նաժըմ հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը հսկայ պիւտճէի մը, շուրջ 88 միլիոն տոլարի կը կարօտի` իր ծառայութիւնները բարելաւելու համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի լաւատեսութիւնը հիմնուած է անոր խորհրդակցութիւններուն վրայ: Ան աւելցուց սակայն, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները տակաւին առկայ են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ ո՛չ կառավարութեան քաղաքականութիւնը, ո՛չ ալ որեւէ օրէնք կրնան արգիլել, որ երեսփոխան մը ազատօրէն արտայայտէ իր կարծիքը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ հաստատեց, որ պետութեան դերակատարութեան ամրապնդումը կարգախօսներով կարելի չէ կատարել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` լիբանանցի ուխտաւորներուն անցման գիրեր շնորհելու առիթով:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու շէյխ Հիւսէյն Զաայթեր շեշտեց երկրին իշխանութիւնը ձախողեցնելու քաղաքականութենէն հեռու մնալու կարեւորութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան փոխնախագահ Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Պըրրի մտադրած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ տիւրզի համայնքին ներկայացուցչութեան հանգոյցը չքննարկել, մինչեւ որ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունենայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արտաքին ոչ մէկ ուժի առիթ կու տայ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն միջամուխ դառնալու եւ կամ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վեթոյի ենթարկելու:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» կը գրէ, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի Թեհրան կատարած այցելութիւնը առիթ ստեղծած է լիբանանեան-իրանեան բանակցութիւններու սկսելու` Իրանի մէջ արգելափակուած Նիզար Զաքքայի թղթածրարին շուրջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանեան ուժերուն իրաւունքն է ունենալ չորս նախարարներ:

 

Նախորդը

«Մոսկուան Բարձր Կը Գնահատէ Թուրքիոյ` Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներուն Միանալ Մերժելը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Զօր. Աուն Բրիտանացի Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ Քննարկեց Ապահովական Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?