Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն բնականոնացման մասին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտայայտած մերժողական կեցուածքին` յայտնելով, որ Սուրիոյ մասին վարչապետին յայտարարութիւնները իրապաշտ չեն եւ կրնան վնասակար ըլլալ:
Ան նշեց, որ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները առկայ են, իսկ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդը արդէն իսկ կը գործէ, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով:
«Վերջերս Սուրիայէն խնդրած ենք նաեւ համագործակցիլ Լիբանանին ելեկտրականութիւն հայթայթելու նպատակով», ըսաւ Պըրրի:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ եւ առիթ մըն էր քննարկելու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: