Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ Կութիերեսի Եւ Նիւ Եորքի Լիբանանեան Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 28, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը փոխադրող օդանաւը երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Նիւ Եորքի «Ճոն Քենետի» օդակայանէն թռիչք առաւ` վերադառնալու համար Լիբանան:

Նախքան Նիւ Եորքէն իր մեկնումը, նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը կը գտնուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ` աւելցնելով, որ նախագահական համաձայնութեան հիմքը միջմարոնիական հաշտութիւնն ու ազգային միասնականութեան կառավարութեան շուրջ համախոհութիւնը կը մնան:

Նշենք, որ նախագահ Աուն Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան մտահոգ է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորման կասեցումը կը միտի պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Կութիերեսին` հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու ջանքերը:

Նախագահ Աուն Կութիերեսին ներկայացուց ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը, որ կը վերաբերի Լիբանանը կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան միջազգային կեդրոն դարձնելու նախաձեռնութեան:

Կութիերես ողջունեց նախագահ Աունի նախաձեռնութիւնը` խոստանալով ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրել, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ մը նշանակել` հետեւելու եւ յաջողցնելու համար կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ տեղւոյն լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուած բարեկարգումները կը միտին լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատել իրենց երկրին ապագային նկատմամբ, ինչպէս նաեւ հեռանալ զրպարտութիւններէն եւ տարաձայնութիւններէն, որոնք անպատասխանատու կերպով կը սպառնան մարդոց:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ իրենք կրցած են Լիբանանը այս կամ այն կողմին պատկանելիութենէն ազատագրել: «Լիբանան անկախ է, եւ ՄԱԿ-ի մէջ անոր անունով արտասանուած խօսքը զուտ լիբանանեան է` առանց ոեւէ մէկուն հետեւորդը ըլլալու», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Ընդունեց Ուրուկուէյի Դեսպանը

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Վերաշխուժանայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.