Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն «Ռաշա թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցը լուծուի` Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան իր վերադարձէն ետք:
Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ձախողութեան պարագային, պէտք է վերադառնալ խորհրդարան: «Սակայն համոզուած եմ, որ կառավարութեան կազմութեան գծով կարելի է լուծումի յանգիլ», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը կարելի է լուծել` հաստատելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանան քայքայուի:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին լուծման` նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ իմաստով լուրջ տարակարծութիւն կայ կարգ մը երկիրներու հետ: Ան ընդգծեց, որ ապահովական եւ տնտեսական աննպաստ պայմաններուն պատճառով Լիբանան հասած սուրիացիները տեղահանուածներ են եւ ոչ թէ քաղաքական ապաստանեալներ` աւելցնելով, որ անոնք իրենց երկիրը վերադառնալու առումով վախ չունին:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով Արեւմուտքին հետ Լիբանանի ունեցած հիմնական հարցը այն է, թէ անոնք Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը նախապայման կը նկատեն, որուն պէտք է յաջորդէ տեղահանուածներու Սուրիա վերադարձը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան Սուրիոյ քաղաքական տագնապին մաս չի կազմեր, այլ այդ տագնապին կողմ կը նկատուէր, երբ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կը պայքարէր ահաբեկիչներուն դէմ:
Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ այս տարակարծութիւններուն պատճառով արտաքին գործօններ կը խոչընդոտեն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ռուսական նախաձեռնութիւնը:
Նախագահ Աուն ըսաւ, թէ Լիբանան չի փափաքիր իր յարաբերութիւնները խզել Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ հետ` նկատել տալով, որ Լիբանան կը փափաքի Սուրիա-Յորդանան Նասիպի անցքին բացումը:
Պաղեստինեան հարցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն հաստատեց, որ երկիրներուն միջեւ տեսակէտներու բաժանումին պատճառով երկու պետութիւններու լուծումը սկսած է ետքայլ արձանագրել, յատկապէս եթէ ան պիտի չառնչուի լուրջ աշխատանքով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ արաբական կարգ մը երկիրներու կողմէ ցուցաբերուած անպատասխանատուութիւնն ու անտարբերութիւնը մղած է, որ ուրիշներ դադրեցնեն պաղեստինցի գաղթականներու հոգատարութեան յատուկ կազմակերութիւններուն ֆինանսաւորումը:



