Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ կատարուած յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է, որ կարելի չէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձ կազմակերպել, առանց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու:
«Այս պատճառով ալ ես կը փափաքիմ գործակցիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Մենք պէտք է յարգենք մարդկութեան եւ մարդու արժանապատուութեան վերաբերող միջազգային օրէնքները», ըսաւ ան:
Մաքրոն շեշտեց, որ Լիբանանը իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն դուրս բերելու նպատակով օժանդակութեան ֆրանսական նախաձեռնութիւնը կը միտի Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծումը արագացնել: