Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Այլ Ահաբեկիչ Մը

Սեպտեմբեր 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու խմբաւորումները հետապնդելու շրջագիծին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին պաղեստինցի գաղթական Մ. Հ. Ա.-ն, ծնեալ` 1991-ին, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու յանցանքով:

Ձերբակալեալը հարցաքննութեան ընթացքին բացայայտեց, թէ ինք մաս կը կազմէ ՏԱՀԵՇ-ին եւ ուղղակի կապի մէջ է Սուրիոյ մէջ գործող անոր պատասխանատուներէն Ապու Ժալլատի հետ` աւելցնելով, որ Ապու Ժալլատ իրմէ խնդրած է պատրաստել մահացու թոյնի տեսակ մը` գործակցելով եւրոպական երկրի մը մէջ բնակող այլ ահաբեկիչի մը հետ, որ յաճախ Լիբանան կ՛այցելէ:

Մ. Հ. Ա. յայտնեց, որ մահացու թոյնին նպատակը հիմնական երկու տեսակարար ահաբեկչական գործողութիւն կատարելն էր: Անոնցմէ մէկը պիտի ըլլար լիբանանեան բանակին համար ամէնօրեայ դրութեամբ տրամադրուած ջուրի սիթեռնը թունաւորել, որպէսզի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով բանակայիններ սպաննուին, իսկ երկրորդը` օտար երկրի մը մէջ տեղի ունենալիք հանրային ընթրիքի մը առիթով (ինչպէս` Ս. Ծննդեան առիթով եւ այլն) հաւաքական թունաւորումի նախապատրաստական աշխատանք տանիլ:

Միւս կողմէ, բանակի ջոկատ մը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Սուէյրիի լեռներուն վրայ զինեալ բախումներ ունեցաւ մաքսանենգներու հետ:

Զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ վիրաւորուեցան չորս ուրիշներ, որոնք փոխադրուեցան Մանարայի հիւանդանոցը:

Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. Հըզպալլայի Մասին Նախագահ Աունի Կեցուածքները Կը Հաստատեն Ազգային Մեր Ուղեգիծին Նկատմամբ Անոր Յարգանքը

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Ընդունեց Ուրուկուէյի Դեսպանը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?