Նախագահ Աուն. «Նեթանիահուի Ամբաստանութիւնները Անհիմն Են Եւ Կը Ծածկեն Իսրայէլեան Սպառնալիք Մը»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Քարին Քնայսըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Քնայսըլին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանահուի կատարած այն ամբաստանութիւնները, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտակայքը կը գտնուին զինուորական խարիսխներ եւ հրթիռներու արդիականացման գործարաններ, անհիմն են, «սակայն անոնք կը ծածկեն իսրայէլեան սպառնալիք...




















