ՏԱՐ Ֆաթուայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Տար Ֆաթուա իր խորհուրդը արտակարգ նիստի մը կը հրաւիրէ` մեծամասնական կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնները քննարկելու նպատակով: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Տար Ֆաթուա կը հաստատէ այդ լուրերուն անճիշդ ըլլալը` աւելցնելով, որ Տար Ֆաթուայի վերաբերող պաշտօնական բոլոր յայտարարութիւնները միայն անոր տեղեկատուական գրասենեակէն կը հրապարակուին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իսլամական ժիհատի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Ռամատան Շալհի հետ եւ շնորհաւորեց զայն անոր նոր պաշտօնին առիթով: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ տարբեր հարցերու մէջ խոչընդոտներ զետեղող կողմերը շատ են` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին կառուցել, սակայն ոմանք կը փափաքին քանդել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամէնէն մօտիկ ապագային կը փափաքի կառավարութիւնը կազմուած տեսնել, «սակայն նախագահ Աունի համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող որեւէ շանթաժ մերժելի է», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ աղբերու տագնապի լուծման հարցով լիբանանցի քաղաքացին իր պետութեան կարողութեան նկատմամբ վստահութիւն չունի:
ԱԶԳԱՅԻՆ համախմբումի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու` յարգելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները: Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` զիջումներ կատարելու ի խնդիր հայրենիքին հզօրացման:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ մարտահրաւէրներուն դիմաց իրենք չեն կրնար ընկրկիլ կամ ճնշումներուն ներքեւ անձնատուր ըլլալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած կը մնայ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտողը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ մեծամասնական կառավարութեան մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յայտարարութիւնները կառավարութեան կազմութեան նպատակով ճնշում բանեցնելու միջոց են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պասեմ Շապ հաստատեց, որ կառավարական որեւէ մեծամասնութիւն, որ Հըզպալլայի ազդեցութեան տակ կ՛ըլլայ` տնտեսական հետեւանքներ պիտի ունենայ:


