Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներուն Իջնելու Փողոց Եւ Պահանջելու Իրենց Իրաւունքները

September 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ երեկոյեան Մար Մխայէլի գնացքի կայարանին մէջ բացումը կատարեց Ճաշարաններու Պէյրութի փառատօնին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ, Ճաշարաններու, սրճարաններու, գիշերային զբօսավայրերու եւ անուշավաճառներու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական, տնտեսական, զբօսաշրջական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ ու զինուորականներ:

Ճաշարաններու Պէյրութի փառատօնին բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք, նախարար Կիտանեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց զբօսաշրջութեան եւ հիւրընկալութեան կնքահայր Նուհատ Տամուսը` բարձր գնահատելով անոր ճիգերն ու այս մարզին մէջ արձանագրած նուաճումները:

Նախարար Կիտանեան իր արտասանած խօսքին մէջ գնահատեց զբօսաշրջական սենտիքաներուն եւ իր միջեւ դրական ներուժի վրայ հիմնուած գործակցութիւնը` այն օրէն, որ ինք ստանձնած է զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն իջնելու փողոց եւ պահանջելու իրենց իրաւունքները, «մինչդեռ քաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնց մաս կը կազմեմ նաեւ ես, կը պայքարին կարկանդակէն բաժին մը ստանալու համար», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջական սեփական մարզը իր պարտականութիւնները լիովին կը կատարէ` զօրակցելու համար զբօսաշրջութեան մարզին, որ ի վերջոյ իր ոտքերը ամուր գետնին պիտի հաստատէ:

Իր կարգին, նահանգապետ Շպիպ մեծապէս գնահատեց նախարար Կիտանեանի աշխուժութիւնը եւ անոր դրական ոգին, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել զբօսաշրջութեան մարզի կարիքները եւ զայն բարգաւաճեցնել ու համաշխարհային դարձնել այնպիսի ձեւով մը, որ ոչ ոք կարենայ այդ աշխատանքը խոչընդոտել:

Միւս կողմէ, Ա. Կիտանեան երէկ յետմիջօրէին պատկերասփիւռի «Էմ. Թի. Վի.» կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն:

Հարցազրոյցին մանրամասնութիւնները կը հրատարակենք յաջորդիւ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. Ստորագրուեցաւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Աշխատաւոր Մարդուժին Եւ Ընտանիքներու Ապրուստի Պայմաններուն Ընդհանուր Հաշուարկը Կատարելու Համաձայնագիրը

Յաջորդը

«Լիբանան Կտրականապէս Կը Մերժէ Ամէն Տեսակի Բնակեցում» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.