ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2018-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին կարգ մը ծրագիրներ, որոնց շարքին են այլ երկիրներու հետ առեւտուրի, լիբանանեան հողերուն վրայ նաւթային աղբիւրներու, ինչպէս նաեւ դէպի դուրս փոխանցուող գումարներու վերաբերող օրինագիծերը:
ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ ձմեռնային ժամանակացոյցը պիտի սկսի 27-28 հոկտեմբեր 2018-ին: Հետեւաբար նախարարաց խորհուրդի որոշումին համաձայն, հոկտեմբեր 27-էն 28 լուսցող գիշերուան ընթացքին պէտք է ժամացոյցին սլաքները մէկ ժամ ետ տանիլ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու տագնապները կարելի չէ լուծել` բացի ազգային միասնականութեան կառավարութեամբ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն հրաժարելու իրենց անձնական նեղլիկ շահերէն եւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ կը պաշտպանէ հայրենիքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտումը հիմնական թնճուկն է, որուն պատճառով կ՛արգելակուի նաեւ երկրին պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի շուրջ համախմբուելու` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներու եւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի թղթածրարները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմ մը բովանդակող որեւէ այլ ծրագիր համադրուած պիտի ըլլայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի ընդգծեց, որ սխալ է համեստ դասակարգի իրաւունքներուն վրայ ճնշում բանեցնել` զայն երկրին տնտեսական ապահովութեան պատասխանատուն նկատելով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանան կորսնցնէ երկրին տնտեսական տագնապը հակակշռելու իր կարողութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆայսալ Սայեղ շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարէն կը պահանջուի հաշուետուութեան կանչել Պէյրութի միջազգային օդակայանի աշխատանքը երկու ժամուան համար կասեցուցած դէպքին պատասխանատուները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի անդամ երեսփոխան Ֆատի Սաատ ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան կառավարութեան մէջ այնպիսի ներկայացուցչութիւն մը ունենալու, որ կ՛իրականացնէ պետականաշինութեան իրենց նպատակները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը վտանգի ենթարկուած է, որովհետեւ որոշումները կը տրուին առանց գործադրութեան արարողակարգի: