Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. Հըզպալլայի Մասին Նախագահ Աունի Կեցուածքները Կը Հաստատեն Ազգային Մեր Ուղեգիծին Նկատմամբ Անոր Յարգանքը

Սեպտեմբեր 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկեան վարչակազմին որդեգրած անարդար քաղաքականութիւնները պատասխանատու են լարուածութեան եւ մագլցումներուն` աւելցնելով, որ այդ քաղաքականութիւններուն թիրախ դարձող ժողովուրդները դիմադրելէ եւ գոյապայքար մղելէ բացի այլընտրանք չունին, իսկ դիմադրելու եւ տոկալու ընտրանքը միջազգային եւ մարդկային օրէնքներուն կողմէ ճանչցուած ընտրանք է:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը` դրուատելով անոր ազգային, յանդուգն եւ յստակ կեցուածքները, ըլլան անոնք ՄԱԿ-ի ամպիոնէն թէ «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին ընդմէջէն: Պլոքի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աունի կողմէ ներքին լիբանանեան առումով Հըզպալլայի ազգային դերակատարութեան եւ Իսրայէլի ու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին մասին դրուատիքը կը հաստատեն Հըզպալլայի ազգային ուղեգիծին նկատմամբ անոր յարգանքը:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը շեշտեց, որ անիկա կարիքը ունի արագացուելու` աւելցնելով, որ նախարարութիւններուն մասին ամուլ բանավէճը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ երկիրը առանց կառավարութեան գոյատեւէ:

Պլոքի հաղորդագրութեան մէջ խստիւ դատապարտուեցան Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումները, որոնք Սուրիոյ ապահովութեան սպառնալիք կը նկատուին: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ իշխանութիւններուն, բանակին ու ժողովուրդին:

 

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ Կը Հաստատէ Ելեւմտական Մարզին Տոկունութիւնը

Յաջորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Այլ Ահաբեկիչ Մը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?