Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր Ժողովին. «Լիբանան Իրերայաջորդ Տագնապներէն Դուրս Գալու Ուղին Կ՛որոնէ, Իսկ Փրկութեան Միակ Ուղին Երկխօսութիւն Կատարելն Ու Բռնարարքներուն Վերջ Տալն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Սեպտեմբեր 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 5:20-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ արտասանեց Լիբանանի պաշտօնական խօսքը:

ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովին իբրեւ մասնակից, նախագահ Աուն ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը եւ բարեկարգումներ կատարելու անոր ճիգերը:

Նախագահ Աուն ողջունեց նաեւ Ընդհանուր ժողովի նախագահին առաջարկը` ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարելու հետեւեալ խորագիրին ներքեւ. «ՄԱԿ-ը ամբողջ մարդկութեան համար կարեւոր դարձնել` ներառեալ համաշխարհային ղեկավարութիւն եւ միացեալ պատասխանատուութիւններ, որպէսզի խաղաղ, արդար եւ յառաջդիմող ընկերութիւններ կերտուին»:

Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ այս խորագիրը ընտրելով ՄԱԿ այսօր լաւ գիտէ, թէ իր կարգավիճակը լուրջ բարեկարգում  կ՛ենթադրէ` ապագային իր ունենալիք  դերակատարութեան ակնկալութիւններուն առումով:

«Ըստ իր հիմքերուն, ՄԱԿ պէտք է ըլլայ համաշխարհային խիղճը, որ կը պահպանէ հաւասարակշռութիւնը եւ կ՛արգիլէ ներխուժումները, իրականացնելով արդարութիւնն ու պաշտպանելով խաղաղութիւնը: Մինչդեռ կը նշմարենք, որ Ապահովութեան խորհուրդը իր ճակատագրական որոշումներուն պարագային թերացումներ կ՛արձանագրէ` վեթոյի իրաւունքի օգտագործումին պատճառով, եւ կամ կարգ մը երկիրներ կը զլանան գործադրելու այն որոշումները, որոնք իրենց շահերուն չեն համապատասխաներ, նոյնիսկ եթէ այդ որոշումները ստիպողական եւ անմիջական գործադրութեան բնոյթի ըլլան: Եւ այս բոլորը կը կատարուին առանց հարցապնդումի կամ հաշուետուութեան», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն անդրադարձաւ 1978-ին Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած թիւ 425 բանաձեւին, որ Իսրայէլէն պահանջեց անմիջապէս իր ուժերը հեռացնել լիբանանեան հողերէն, սակայն այդ որոշումը գործադրուեցաւ միայն 22 տարի ետք` լիբանանցի ժողովուրդին դիմադրութեամբ:

«Միւս կողմէ, 1947-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած թիւ 181 բանաձեւը, որուն հիման վրայ որոշուեցաւ բաժնել Պաղեստինը, անմիջապէս գործադրուեցաւ, հակառակ անոր որ այդ որոշումին գործադրութիւնը ստիպողական չէր: Իսկ 1948-ին որդեգրուած թիւ 194 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ պաղեստինցի գաղթականներու անմիջական տունդարձին, մնաց թուղթին յանձնուած գրութեան մը սահմաններուն մէջ եւ 70 տարիներէ ի վեր չէ գործադրուած: Ճիշդ է, որ վեթոյի կամ բանաձեւերու գործադրութեան մերժումի իրաւունքներ գոյութիւն ունին, սակայն անոնց հետեւանքները ծանր են մեծ թիւով երկիրներու եւ ժողովուրդներու վրայ, յատկապէս մեր շրջանին մէջ, եւ զանոնք զրկած են իրենց տարրական իրաւունքներէն: Ուրեմն, որպէսզի ՄԱԿ վերածուի համաշխարհային ղեկավարութեան եւ կարեւոր ըլլայ բոլոր ժողովուրդներուն համար, անհրաժեշտ է, որ ան գործադրէ բարեկարգումներ, որոնց շարքին է Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու թիւի ընդարձակումը, ինչպէս նաեւ որդեգրել աւելի թափանցիկ, ժողովրդավար եւ հաւասարակշռուած կանոններ: Կարեւոր է նաեւ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ըլլայ միջազգային ընտանիքին տեսակէտները արտայայտողը:

ՄԱԿ եւս կոչուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ամրապնդելու: Լիբանան, որ մասնակցած է Մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային ուխտի յայտարարութեան, իր սահմանադրութեամբ յանձնառու կը մնայ այդ ուխտին եւ կը նկատէ, թէ մարդկային իրաւունքներու դէմ արձանագրուած որեւէ խախտում կրնայ վերածուիլ յառաջիկայի տագնապներու ենթահողին», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան իրերայաջորդ տագնապներէն դուրս գալու ուղին կ՛որոնէ` աւելցնելով, որ հակառակ ապահովական շարք մը փոթորիկներու, Լիբանան կրցած է պահպանել իր ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կրցած է հակակշիռի տակ առնել իր արեւելեան լեռնաշղթայէն սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգը, յաղթել ահաբեկիչներուն եւ կազմաքանդել երկրին մէջ գործող ահաբեկչական քնացած բջիջները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կատարած է համամասնական ընտրական օրէնքին վրայ հիմնուած երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է ունենալ խորհրդարան մը, ուր ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովուած է եւ որ արդար կերպով կը ներկայացնէ լիբանանեան ընկերութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան այսօր կը գտնուի իր կառավարութիւնը կազմելու ընթացքին մէջ:

Անդրադառնալով երկրին տնտեսութեան` նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը մշակէ տնտեսական ծրագիր մը, որպէսզի կարենայ տնտեսական բարգաւաճում ապահովել` նկատի ունենալով «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին որոշումները:

Ապա ան ակնարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` մանրամասնօրէն անդրադառնալով Լիբանանի վրայ այդ թղթածրարին ունեցած հետեւանքներուն:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին նկատմամբ իր կեցուածքին, յատկապէս երբ Սուրիոյ մէջ հսկայ տարածութիւններ ազատագրուած են եւ դարձած ապահով վայրեր:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կապել Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման: «Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ բնակեցումը` ըլլայ անիկա տեղահանուածներուն թէ գաղթականներուն պարագային», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ մեկնելով այս դիտանկիւնէն, Լիբանան ողջունած է տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպող ռուսական նախաձեռնութիւնը:

Նախագահ Աուն հարց տուաւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի օժանդակութիւններու կասեցման մասին: Ան ըսաւ. «Արդեօք պաղեստինցի գաղթականներու տառապանքը վե՞րջ գտած է, թէ՞ զանոնք բնակեցնելու միտող քայլ է ասիկա»:

Միւս կողմէ, ան ըսաւ. «Հակառակ անոր որ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւի գործադրութեան, Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակէ օդային, ծովային եւ ցամաքային ուղղութիւններով խախտել այդ բանաձեւին գործադրութիւնը` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ»:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց վերջ տալու ամէն տեսակի ծայրայեղութեան` շեշտելով, որ ՄԱԿ չէ յաջողած կասեցնել պատերազմները եւ խաղաղութիւն հաստատել, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, ատիկա վերագրելով այն իրականութեան, որ խաղաղութեան մշակոյթը կամ ազգային համերաշխութիւնը կարելի չէ եղած տարածել:

«Այս ճշմարտութենէն մեկնելով խիստ կարիքը կայ երկխօսութեան` կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ ցեղերու միջեւ առանց խտրութեան: Անցեալ տարի այս ամպիոնէն յայտարարեցինք Լիբանանը կրօններու, քաղաքակրթութիւններուն եւ ցեղերու միջեւ երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի վերածելու նախաձեռնութիւնը եւ կը ձգտինք, որ անիկա մարմնաւորուի տարբեր կողմերու միջեւ համաձայնագիրով մը` վերածուելով միջազգային ծրագիրի, որուն ներքեւ կ՛ամրապնդուին երկխօսութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը: Փրկութեան միակ ուղին երկխօսութիւն կատարելը, ժողովուրդներուն միջեւ արդարութիւն հաստատելը, կայունութիւն, ապահովութիւն ու բարգաւաճում կերտելն ու բռնարարքներուն վերջ տալն է», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք, Խորհրդարանը Իր Հսկողութիւնը Պիտի Խստացնէ Եւ Յաճախ Հաշուետուութեան Կանչէ Զայն»

Յաջորդը

Թրամփ Կը Ներկայացնէ Լին Թրէյսիի Թեկնածութիւնը` Իբրեւ Հայաստանի Մէջ Նոր Դեսպան

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?