Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական այլ նիստի մը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ նաեւ բարելաւելու խորհրդարանի վերահսկողութեան դերը: «Կառավարութեան կազմութենէն ետք, խորհրդարանը որոշ շրջան մը առիթ պիտի տայ նախարարաց խորհուրդի գործունէութեան, իսկ աւելի ուշ զայն հաշուետուութեան պիտի հրաւիրէ, յատկապէս երբ կառավարութեան աշխատանքին մէջ սխալներ կամ բացթողումներ նշմարուին: Այսուհետեւ թուլամորթութիւն պիտի չարձանագրուի, որովհետեւ պետութեան եւ քաղաքացիներուն իրաւունքները ամէն բանէ վեր են», ըսաւ Պըրրի:
Պատասխանելով Լիբանանի եւ իսրայէլեան գոյացութեան միջեւ նաւթային ծովային պաշարի տագնապին մասին նորութեան մը ակնարկող հարցումին` Պըրրի ըսաւ, թէ ինք այս հարցը վերջին անգամ քննարկած է անցեալ շաբաթ, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի տնօրէնին հետ հանդիպումին ընթացքին:
«Քրիսթաֆըր Ռէյին հարց տուի, թէ արդեօք ան կրնա՞յ այդ հարցին լուծման առումով դերակատարութիւն ունենալ` նկատի ունենալով, որ ամերիկացի այլ պատուիրակներ իրենց ստանձնած այդ պարտականութեան մէջ թերացած են` Թել Աւիւի օգտին կողմնակալ ըլլալնուն պատճառով», եզրափակեց Պըրրի:



