Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:
Պլոքը ցաւ յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու պահանջները ընդարձակելով եւ այս կամ այն նախարարութեան ստանձնումը նախապայմանի վերածելու գծով արձանագրուած կեցուածքները կը միտին խանգարել կառավարութեան կազմութեան ջանքերը:
Մուսթաքպալ պլոքի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան կազմը նուէրներու տուփ նկատելը կը փաստէ, որ ոմանք չեն փափաքիր տեսնել կառավարութեան կազմութիւնը եւ կը փափաքին երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աւելի եւս խոչընդոտել, ներքին լիբանանեան լարուածութիւնը աւելի եւս սրել, ինչպէս նաեւ խորացնել երկրին դիմագրաւած ելեւմտական-տնտեսական տագնապը:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի կոչ ուղղող քաղաքական ուժերը, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելով աւելի եւս խորացուցած կ՛ըլլան ելեւմտական եւ վարչական փտածութիւնը:
Պլոքը կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն դիւրացնելու վարչապետին աշխատանքը` վերջ տալով չափանիշներ ճշդելու խաղին եւ նախանձախնդիր մնալով Լիբանանի գերագոյն շահերուն եւ փոխադարձ զիջումներուն, որոնց շնորհիւ միայն կարելի կ՛ըլլայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները:
Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ վերսկսելու համար կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն:
Անդրադառնալով շրջանային տագնապներուն եւ ընդհարումներուն` Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու Լիբանանի կողմէ որդեգրուած ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան:
Այս շրջագիծին մէջ Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ արձանագրուած սպառնալիքները, միջազգային ընտանիքէն եւ աշխարհի մէջ Լիբանանի բարեկամ բոլոր երկիրներէն պահանջելով բացայայտել այդ սպառնալիքներուն իսկական նպատակները:
«Լիբանանցիներուն անվտանգութիւնն ու միասնականութիւնը այս փուլին` Իսրայէլի սպառնալիքներուն դիմադրելու ամէնէն հզօր զէնքերն են», նշեց Մուսթաքպալ հոսանքը` նշելով, որ ազգային միասնականութեան շրջանցումը կը նշանակէ Լիբանանը զետեղել իսրայէլեան վտանգին դիմաց:
Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու տիրող ընդհանուր կացութիւնը:
Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար
Քարին Քնայսըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Քնայսըլ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնած է Աւստրիոյ` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մեծ թիւով մաս կազմելու առնչութեամբ:
Քնայսըլ աւելցուց նաեւ, որ Հարիրիի հետ քննարկած է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը եւ Լիբանանի վրայ անոր ձգած հետեւանքները:



