Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Կը Մերժենք Օդակայանին Շրջակայքը Հրթիռներու Մարտկոցներու Գոյութիւնը, Իսկ Դուք Մերժեցէք ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Հնչող Զրպարտութիւնները» Ըսաւ Պասիլ Դեսպաններուն

Հոկտեմբեր 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային օրէնքին եւ միջազգային որոշումներուն` հաստատելով, որ Լիբանան ինքզինք շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու քաղաքականութեան յանձնառու չի մնար, երբ հարցը կը վերաբերի իր հողերուն եւ ժողովուրդին պաշտպանութեան:

Պասիլ հաստատեց, որ Իսրայէլ ՄԱԿ-ը չի յարգեր, ո՛չ ալ անոր որոշած բանաձեւերուն գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութիւն կը ցուցաբերէ:

«Լիբանանի պարագային Իսրայէլ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը չի գործադրեր, իսկ նախորդ ութ ամիսներուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ 1417 ոտնձգութիւն գործած են», ըսաւ ան:

Պասիլ այս յայտարարութիւնները կատարեց, երբ ան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանները, որոնք իր հրաւէրով կը գտնուէին Պուսթրոս պալատ:

Պասիլ դեսպանները հրաւիրած էր անոնց ներկայացնելու Լիբանանի դէմ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ամբաստանութիւններուն հարցով Պէյրութի պաշտօնական կեցուածքը:

Ան նշեց, որ նման զրպարտութիւններով Իսրայէլ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արդարացնելու Լիբանանի դէմ իր սանձազերծելիք նոր ներխուժումը:

Պասիլ դեսպաններուն յայտնեց, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի այն վայրը, որուն մասին Նեթանիահու յայտնած էր, թէ Հըզպալլայի հրթիռներ կը պարունակէ:

«Մենք կը մերժենք Պէյրութի միջազգային օդակայանին շրջակայքը հրթիռներու մարտկոցներու գոյութիւնը, իսկ դուք մերժեցէք ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչող զրպարտութիւնները», դեսպաններուն կոչ ուղղեց Պասիլ:

Ապա Պասիլ եւ դեսպանները ուղղուեցան Նեթանիահուի ճշդած վայրերը, որոնք «Ահըտ» մարզադաշտին շրջակայքը կը գտնուէին:

Նոյն վայրէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Պասիլ յայտնեց, որ «Ահըտ» մարզադաշտին դռները բաց են բոլորին դիմաց` աւելցնելով, որ հոն ամէն բան ապահով է եւ այդ վայրին մէջ հրթիռներ արդիականացնելու ռազմակայան գոյութիւն չունի:

Նշենք, որ նախքան դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումը, իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած գրառումով մը անձամբ Պասիլին ուղղուած յայտարարութեան մը ընդմէջէն հարց տուաւ, թէ ան ի՞նչ ունի ներկայացնելիք օտար երկիրներու ներկայացուցիչներուն, երբ տակաւին «Հըզպալլայի ահաբեկչութեան» վերջ մը չէ տուած:

Այս յայտարարութիւնը Պասիլի կողմէ անպատասխան մնաց, սակայն լրագրողներուն կողմէ Ատրաայիի նշեալ յայտարարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Պասիլ ըսաւ. «Լիբանանեան բանակն է, որ պիտի պատասխանէ Իսրայէլին: Իսկ ես ամբողջ Իսրայէլին կ՛ըսեմ, որ օր մը օրանց չէ սարսափեցուցած մեզի եւ ո՛չ ալ պիտի կարենայ սարսափի մատնել: Իսկ երբ ան կը սպառնայ, մենք քաջ գիտենք, թէ ան տկար է եւ անզօր»:

Աւելցնենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին բացակայութեան մասին լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով Պասիլ նշեց, որ Էլիզապեթ Ռիչըրտ ճամբորդած է:

Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին «Ահըտ»-ի մարզադաշտէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Իսրայէլի ամբաստանութիւնները անճիշդ դուրս եկան, եւ պէտք է զգուշանալ անոնցմէ:

Պասիլ-Քնայսըլ Հանդիպում

Միւս կողմէ, Պասիլ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց աւստրիացի իր պաշտօնակից Քարին Քնայսըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Քնայսըլի հետ հասարակ յայտարարները ո՛չ միայն անոր կողմէ արաբերէնի իմացութիւնն է, այլ` շրջանին եւ անոր հարցերուն ծանօթ ըլլալը:

Ան հաստատեց, որ արտաքին աշխարհէն ներածուած` ծրարուած լուծումները կրնան ձախողիլ, որովհետեւ անոնք իրենց ժողովուրդներուն առաջարկած լուծումները չեն: «Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանին համար առաջադրուած լուծումները մեր շահերը կը հովանաւորեն», ըսաւ ան:

Պասիլ վերահաստատեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ անիկա կ՛օժանդակէ, որ Սուրիա իր ազգային երկխօսութեան եւ համերաշխութեան պարագային իր դերակատարութիւնը վերահաստատէ: «Սուրիացի քաղաքացիներուն հայրենիքը Սուրիան է, եւ Սուրիա երկխօսութեան երկիր է եւ ոչ թէ ահաբեկչական խմբաւորումներու», ըսաւ Պասիլ:

Իր կարգին, Քնայսըլ հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղած է աշխարհի պետութիւններուն իրենց քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու` սուրիացի տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձին զօրակցելու գծով: Սակայն ան ընդգծեց, որ այս շրջագիծին մէջ Աւստրիա յանձնառու է գործադրելու Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը:

Քնայսըլ շեշտեց, որ Աւստրիա խոր յարգանք կը տածէ Լիբանանի նկատմամբ` սուրիացի տեղահանուածներուն անոր ցուցաբերած հիւրընկալութեան առիթով: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար կարելի ըլլայ քաղաքական լուծում ապահովել, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տնտեսական կացութիւնը բարելաւել եւ Սուրիան վերակառուցել:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

Յաջորդը

Ալիեւ Յանձնարարած Է Շփման Գիծին Վրայ Աւելի Լայնօրէն Կիրարկել Յատուկ Թեքնիք Միջոցներ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?