Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Հերմելի Մարժահին գիւղաքաղաքին մէջ կատարեց խուզարկութիւններ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց շարք մը յանցագործներ, որոնք 24 սեպտեմբեր 2018-ին բանակին դէմ կրակած էին: Նոյն շրջանին մէջ բանակը փճացուց հաշիշի ցանքերը, ինչպէս նաեւ գրաւեց հաշիշի պատրաստութեան յատուկ սարքեր:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ ելեկտրածին շարժակներէն ելեկտրականութիւն ստացող իւրաքանչիւր բաժանորդ պիտի ունենայ իր բնակարանին կամ վաճառատան յատուկ ժամացոյցը: Ան հաստատեց, որ ելեկտրածին շարժակներու այն սեփականատէրերը, որոնք կը մերժեն այս դրութիւնը, պիտի տուգանուին եւ անոնց շարժակները պիտի գրաւուին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է վերջնականացնէ կառավարութեան նոր կազմը` խորհրդակցելով հանրապետութեան նախագահին հետ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրին տնտեսական կացութեան վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարելի է կազմել յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին, այլապէս այդ հոլովոյթը պիտի յետաձգուի եւ հաւանական է, որ 7 նոյեմբեր 2018-ին միայն կարելի ըլլայ վերսկսիլ այդ ջանքերուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ Լիբանան բազմազանութեան եւ խաղաղութեան երկիր է, եւ կը ձգտինք զայն դարձնել քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոն:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան ամբաստանութիւնները ամերիկեան պատժամիջոցներուն զուգահեռ արշաւին մաս կը կազմեն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները կը գտնուին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ խիստ լարուած մթնոլորտի մէջ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, զոյգ կուսակցութիւններուն միջեւ ընդհարումներ նախատեսուած են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ներկայիս գնդակը կը գտնուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին վրայ, այլ խօսքով` ան պէտք է նախաձեռնէ կառավարութեան նոր կազմին ներկայացման: Նոյն օրաթերթին համաձայն Ընկերվար յառաջդիմական եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ղեկավարներ Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Սամիր Ժահժահ վստահ են, որ Հարիրի պիտի ներկայացնէ կառավարութեան այնպիսի կազմ մը, որուն համաձայն երկու ուժերը ստիպուած պիտի չըլլան զիջումներ կատարելու:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ իսրայէլեան որեւէ շարժում կրնայ պայթեցնել Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հետեւաբար քանդել ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ շրջանին կայունութիւնը:

 

Նախորդը

Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Մուալլեմի Հետ Հանդիպումը Ո՛չ Նախապէս Ծրագրուած Էր, Ո՛չ Ալ Իր Տեսակին Մէջ Առաջինը»

Յաջորդը

Մտալլալի. «ՄԱԿ-ի Մէջ Նախագահ Աունի Խօսքը Դրական Արձագանգ Ձգած Է»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.