Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին վերընտրուեցաւ Ամալ շարժումի ղեկավար:
Ան անդրադարձաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի այն ամբաստանութեան, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտակայքը Հըզպալլա հրթիռներու արդիականացման ռազմակայան մը ունի` հաստատելով, որ այդ խօսքը պատերազմի սպառնալիք է: «Մենք կը գտնուինք վտանգաւոր կացութեան, այլ խօսքով` պատերազմական արտայայտութեան դիմաց», ըսաւ Պըրրի` հաստատելով, որ ոչ ոք կրնայ այդ յայտարարութիւնները կատակ նկատել:
Պըրրի ընդգծեց, որ իսրայէլացիները կը փափաքին մեր օդակայանը փակել, իսկ մենք մեր ձեռքերով կը քանդենք մեր երկիրը` մէկ նախարար աւելի կամ մէկ նախարար նուազ ունենալու քաղաքական խաղին մէջ ներքաշուելով:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, որ երաշխիքն է Լիբանանի եւ լիբանանցիին գոյատեւման:
Միւս կողմէ, Պըրրի գնահատեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու բոլոր դեսպանները հանդիպումի հրաւիրելու եւ Լիբանանի դէմ Նեթանիահուի ամբաստանութիւններուն մասին Լիբանանի կեցուածքը ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը:
Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ոչ մէկ նորութիւն կամ զարգացում արձանագրուած է:



