Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Քանատայէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը միջմարոնիական չէ` աւելցնելով, որ արտակարգ իրավիճակի կառավարութեան կազմութեան առաջարկով ինք չէր նպատակադրած այս կամ այն քաղաքական ուժին ներկայացուցչութեան ջնջումը:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրարու կը հակադրուին, երբ երկրին սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը մէկդի կը դրուի:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց պաղեստինցի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու գծով:



