Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Նեթանիահուի Ամբաստանութիւնները Անհիմն Են Եւ Կը Ծածկեն Իսրայէլեան Սպառնալիք Մը»

October 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Քարին Քնայսըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Քնայսըլին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանահուի կատարած այն ամբաստանութիւնները, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտակայքը կը գտնուին զինուորական խարիսխներ եւ հրթիռներու արդիականացման գործարաններ, անհիմն են, «սակայն անոնք կը ծածկեն իսրայէլեան սպառնալիք մը` ուղղուած լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, ինչպէս նաեւ թիրախ կ՛ուզեն դարձնել Պէյրութի միջազգային օդակայանը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց Աւստրիոյ եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն զգուշանալու Լիբանանի դէմ Իսրայէլի նիւթած սադրանքներէն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել միջազգային բանաձեւերը, յատկապէս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի դիմադրէ իր գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան կը զօրակցի դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին: Ան Քնայսըլին ներկայացուց 2011-էն ի վեր Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ունեցած տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական հետեւանքները:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը անջատելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումէն, որ կրնայ ուշանալ, ինչպէս, որ է պարագան Պաղեստինեան հարցին:

Քնայսըլ իր կարգին յայտնեց, որ Աւստրիա կը զօրակցի Լիբանանին եւ զայն կը նկատէ գոյատեւումի եւ պայքարի օրինակելի տիպար մը` ամբողջ աշխարհին համար:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ շարք մը հարցեր, սակայն ան կարողութիւնը ունի զանոնք յաղթահարելու:

Քնայսըլ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ լիբանանեան իշխանութիւններուն հոգատարութիւնն ու հիւրընկալումը աննախընթաց է` կոչ ուղղելով աստիճանաբար լուծելու Սուրիոյ տագնապը, վերջ տալու համար տեղահանուածներուն տանջանքին եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն:

Քնայսըլ յայտնեց, որ Աւստրիա կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան` ընդգծելով Լիբանանի կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան-աւստրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու` բոլոր մարզերուն մէջ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ելեւմտական եւ տնտեսական տուեալները:

Նախորդը

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Դատապարտեց Լիբանանի Հասցէին Իսրայէլեան Զրպարտութիւնները

Յաջորդը

«Ոչ Ոք Կրնայ Թուրքիան Վարկաբեկել 1915-ի Դէպքերուն Հարցով» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.