Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Թել Աւիւը զգուշացուց լիբանանեան հողերը ռմբակոծելէ: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին հաւանական ռմբակոծումը միջազգային օրէնքի «կոպիտ խախտում» պիտի ըլլայ:
Նիւ Եորքի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լաւրով մերժեց պատասխանել այն հարցումին, թէ Պէյրութի օդակայանը ռմբակոծելու իսրայէլեան սպառնալիքը որքա՞ն լուրջ է: Ան ընդգծեց, որ նման քայլ Մոսկուայի կողմէ կտրականապէս մերժելի է` յայտնելով, որ անիկա Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւն կը նկատուի:



