Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ցաւ Յայտնեց Գրաւոր Մամուլին Ներկայ Իրավիճակին Համար

October 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ «Սայեատ» հրատարակչատան ընդհանուր տնօրէն Իլհամ Ֆրէյհայի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնեց հրատարակչատան եւ անոր ընտանիքին` Լիբանանի մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան համար:

Նախագահ Աուն դրուատեց Սայիտ Ֆրէյհայի աւանդը` ցաւ յայտնելով Լիբանանի մէջ գրաւոր մամուլին պարզած ներկայ իրավիճակին համար: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան մամուլը տասնամեակներ շարունակ գրաւոր մամուլի փայլուն պատկերը եղած է եւ դարձած չորրորդ իշխանութիւն: «Լիբանանի մէջ մամլոյ ազատութեան շնորհիւ է, որ կազմուած է հանրային կարծիքը, որ իրաւարարի դերակատարութիւն ունեցած է եւ մասնակցած հայրենիքի կերտման աշխատանքին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն զօրակցութիւն յայտնեց տեղեկատուական բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք վերջին փուլին ստիպուած փակեցին իրենց դռները, անոնց կարգին նաեւ «Սայեատ» հրատարակչատան, որ 76 տարիներու ընթացքին գործեց լրագրութեան եւ գրականութեան ասպարէզին մէջ:

Նախագահ Աունի այցելուներէն եղան երեսփոխան Ժիհատ Սամատ եւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Հանրի Խուրի:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութեան նպատակն էր Լիբանանի իրականութիւնը եւ լիբանանեան միտքերը ներկայացնել միջազգային ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ընդգծել մեծ պետութիւններուն տուած որոշումներուն նկատմամբ Լիբանանի կեցուածքներն ու տեսակէտները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանը կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ ցեղերու միջեւ երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի վերածելու պահանջին կողքին, ինք ներկայացուցած է նաեւ առաջարկ` Լիբանանի մէջ հիմնելու «Երկխօսութեան եւ շփման մարդկային ակադեմիա»-ն:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Պաղեստինեան հարցին լուծման` ընդգծելով թէ՛ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ թէ՛ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ բնակեցումը իր բոլոր ձեւերով` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով վերադարձը պէտք չէ առնչել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:

Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակող ՈՒՆԵՐՈՒԱ միջազգային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումը:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան` նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ թղթածրարին գծով ինք չէ որ նախաձեռնութիւն մը պիտի ներկայացնէ, այլ` վարչապետ Սաատ Հարիրին: «Եթէ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին միջեւ խորհրդակցութեամբ եւ գործակցութեամբ է, որ պիտի կազմուի կառավարութիւնը, ապա իւրաքանչիւր կողմ իր կեցուածքը պիտի արտայայտէ, այլապէս անկարելի է այդ հոլովոյթը համագործակցութիւն նկատել», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ակնարկելով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին` նախագահ Աուն ըսաւ. «Ճի՛շդ է, որ երկիրը տնտեսական տագնապ կը դիմագրաւէ, սակայն այդ տագնապին լուծումը կարելի է»:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Մենք Կը Գտնուինք Պատերազմական Արտայայտութեան Դիմաց»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Վարչապետ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.