Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին ընդհանուր իրավիճակին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Նախարար Կիտանեան նշեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան պարագային աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն նոր ծրագիրներ իրագործելու կարելիութիւնները գրեթէ գոյութիւն չեն ունենար:
«Սակայն բնաւ չենք յուսալքուիր եւ աշխատանքը կը շարունակենք, եւ ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, մենք եւս կը հաւատանք, որ կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանը աշխարհի եւ յատկապէս Եւրոպայի զբօսաշրջութեան քարտէսին վրայ զետեղելէ ետք, պէտք է աշխատանքը նոյն թափով շարունակել եւ ոչ թէ սառեցնել` պարզապէս որովհետեւ երկիրը քաղաքական ներքին հարցերու պատճառով կառավարութիւն կազմելու խնդիր կը դիմագրաւէ:
Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին միակ նախապայմանը այն է, որ ինք յաջորդ կառավարութեան մէջ շարունակէ իբրեւ զբօսաշրջութեան նախարար պաշտօնավարել, Ա. Կիտանեան ըսաւ. «Նկատի ունենալով նախորդ մէկուկէս տարուան աշխատանքը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով յաջորդ կառավարութեան մէջ Դաշնակցութեան նախարարը դարձեալ ես պիտի ըլլամ, եւ նկատի առնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի գոհ են զբօսաշրջութեան նախարարին ընթացքէն, կը նախատեսուի, որ դարձեալ ստանձնեմ նոյն նախարարութիւնը: Սակայն Լիբանանի մէջ ամէն բան հաւանական է եւ կարելի չէ երաշխիքներ տալ: Անշուշտ այս բոլորը կրնան պատահիլ, եթէ կառավարութիւն կազմուի», ըսաւ ան:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ինք այդքան ալ յոռետես չէ, սակայն կը մաղթէ, որ քաղաքական պատասխանատուները անդրադարձած ըլլան այն իրականութեան, որ Լիբանանի նկատմամբ վստահութեան խախտում կայ, իսկ «կառավարութեան կազմութեան ընթացքը խոչընդոտող արգելքները անհեթեթ են, եւ կարելի է զանոնք լուծել, բացի եթէ կան գաղտնի խոչընդոտներ, որոնց մասին տեղեակ չեմ»:
Ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի` նախագահ Աունի վերադարձէն ետք եւ վերջին օրերուն արձանագրուած զարգացումներուն հիման վրայ:
Կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ հայութեան համար իրաւունք է եւ անշեղ սկզբունք, որ անիկա 30 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ ներկայացուի երկու հայ առաքելական նախարարներով` աւելցնելով, որ երկրորդ հայ նախարարը հաւանաբար մաս կը կազմէ հանրապետութեան նախագահի չափաբաժինին:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթէն ՀՅԴ-ի հեռու մնալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ այդ իմաստով եւ դրական միջամտութիւնը կը կատարէ այդ ջանքերուն, որովհետեւ ան քաղաքական բոլոր ուժերուն մօտիկ է, ինչպէս նաեւ լաւ եւ հեզասահ յարաբերութիւններ ունի նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի հետ:
Անդրադառնալով լիբանանցիին իրավիճակին` նախարար Կիտանեան զարմանք յայտնեց, որ ան իր իրաւունքները չի պահանջեր եւ իր քուէի իրաւունքով նոր խորհրդարան ընտրելէ ետք իր պահանջները ուժգին կերպով չի հետապնդեր: «Ես կոչ կ՛ուղղեմ ժողովուրդին իջնելու փողոց եւ ներկայացնելու իր պահանջները, որպէսզի ճնշում բանեցնելով կարելի ըլլայ զանոնք իրականացնել», ըսաւ ան:
2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Պէյրութի մէջ քուէարկող լիբանանահայութեան համեմատութեան նուազումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն 2000-էն ի վեր Պէյրութի մէջ ընտրութիւններուն չէ մասնակցած, 2005-ին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած է, իսկ 2009-ին` Տոհայի համաձայնութեան հիման վրայ իր թեկնածուն յաջողած է` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ մէկ կողմէ երկրին տնտեսական իրավիճակը եւ միւս կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով վճարուած հսկայ ընտրակաշառքներուն իբրեւ հետեւանք է, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ արդիւնքները այդ համեմատութիւնը, այսինքն` 33 առ հարիւր ստացած են: «Սակայն հոս կ՛ուզեմ շեշտել, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ 11.700 հայ քուէարկած է, այսինքն 33 առ հարիւր համեմատութենէն 27 առ հարիւրը հայ քուէարկողներուն համեմատութիւնն է: Թէեւ հայկական միւս կուսակցութիւնները անյաջող դուրս եկան ընտրութիւններէն, բայց եւ այնպէս այսօրուան խորհրդարանին մէջ կայ Հայկական երեսփոխանական պլոք, որ կազմուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած թեկնածուներէն», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ Մեթնի արդիւնքներուն` լուսարձակի տակ առնելով այն մեղադրանքները, թէ ՀՅԴ-ի ի նպաստ քուէները 7 հազարի շուրջ էին: «Հոս ես կ՛ուզեմ հարց տալ Ազգային ազատ հոսանքին, թէ իր ստացած քուէները ի՞նչ կը հաշուեն: 30 հազարէն վեր էր այդ քուէներուն թիւը եւ 2018-ի ընտրութիւններուն նուազեցաւ 20 հազարի», ընդգծեց Ա. Կիտանեան:
ՀՅԴ-ի քուէները երեսփոխան Միշել Մըրին յատկացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի քուէատուփերէն միայն 2 կամ 3 հարիւր քուէ արձանագրուած է ի նպաստ երեսփոխան Մըրի, «սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Միշել Մըր իր ընդարձակ շրջանակը ունի, լայն ծանօթութիւններն ու անսահման ծառայութիւնները, հետեւաբար պէտք չէ զարմանալ անոր ստացած քուէներուն ի տես», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ եւ վերջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Միշել Մըրի միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ վիճակի մէջ են:
«Մենք ոչ ոքի հետ հարց ունինք: Մեր միակ հարցը անոնց հետ է, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը հայկականութենէ դուրս եւ հայութենէ հեռու կ՛ապրին, ապա յանկարծ կը յիշեն իրենց հայկական ինքնութիւնը եւ վերադարձի փորձեր կը կատարեն` իրենք զիրենք պարտադրելով անոնց վրայ, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին տառապած են հայ համայնքին եւ հայութեան հարցերով», ընդգծեց Ա. Կիտանեան:
Զբօսաշրջութեան մարզի շրջագիծին մէջ, անդրադառնալով լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուող փառատօներուն, Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը այս իմաստով պիտի պատրաստէ պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ այն շրջանները, որոնք չեն յայտարարեր, թէ իրենց կազմակերպած փառատօնին հովանաւորը զբօսաշրջութեան նախարարութիւնն է, ոչ մէկ գումար կը ստանան նախարարութենէն:
«Կտրականապէս մերժելի է այն իրականութիւնը, որ միջազգային հսկայ փառատօներուն ծանուցումները պատկերասփիւռի կայաններէն սփռուին այնպիսի ձեւով, որ անոնք այս կամ այն դրամատան հովանաւորութիւնը կը կրեն, մինչդեռ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը տուեալ դրամատան կրկնապատիկը եւ աւելին վճարած կ՛ըլլայ այդ փառատօնին յաջողութեան համար», հաստատեց ան:
Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ նկատառելի են եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն Լիբանան կատարած այցելութիւնները` շեշտելով սակայն, որ Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն համեմատութեան 40 առ հարիւրով նուազումը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ զբօսաշրջութեան մարզին ապահոված մուտքին վրայ:
Զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան հաւանական նկատեց, որ ստեղծուի Զբօսաշրջական աշխուժացման խորհուրդը, որուն մաս պիտի կազմեն թէ՛ պետական մարզը եւ թէ՛ սեփական մարզը, որոնց համագործակցութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ բարգաւաճեցնել այս մարզը:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզի բարելաւման համար կարիքը կայ Պէյրութի միջազգային օդակայանի եւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ներառուած տարբեր մարզերու կազմակերպումին, ինչպէս նաեւ ցուցաբերուելիք տարբեր մօտեցումներուն:



