Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. Լիբանանի Շահերը Միասնականութիւն Կ՛ենթադրեն, Ինչպէս Որ Էր Պարագան` Ահաբեկչութեան Դէմ Մղուած Պայքարին Ժամանակ

October 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլը միջազգային ընտանիքին դիմաց Լիբանանի դէմ իր յաջորդ պատերազմը արդարացնելու պատճառաբանութիւններ կ՛որոնէ` աւելցնելով սակայն, որ Իսրայէլ զարմացած է Լիբանանի դիւանագիտական հակազդեցութենէն եւ լիբանանեան գիտակցութենէն, որոնք կը հաստատեն, որ նման անհիմն սուտեր անկարելի է որ իրենց ազդեցութիւնը ունենան Լիբանանի կամ լիբանանցիներուն վրայ:

Ապու Սաապ ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը լիբանանցիներ ազգային միասնականութեան զօրակցելու փոխարէն որդեգրած են այնպիսի կեցուածքներ, որոնք համահունչ են իսրայէլեան բանակի բանբեր Աֆիխայ Ատրաայիի յայտարարութիւններուն:

Ան հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլ միայն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կամ լիբանանցիներուն մէկ մասը չէ, որ բռնարարքներու թիրախ կը դարձնէ, այլ` ամբողջ Լիբանանը` հիւսիսէն հարաւ: «Հետեւաբար շատ տարօրինակ է, որ ոմանք Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր կատարուած դիւանագիտական աշխատանքը անհեթեթ նկատեն եւ Ատրաայիի յայտարարութիւններուն զօրակցին», ըսաւ ան:

Ապու Սաապ նշեց, թէ Հզօր Լիբանան համախմբումը հաստատած է, որ Լիբանանի շահերը միասնականութիւն կ՛ենթադրեն, ինչպէս որ էր պարագան` ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ մղուած պայքարին ժամանակ:

«Քաղաքական անձնաւորութիւններէն կը պահանջուի լիբանանեան կողմին եւ լիբանանեան դիւանագիտութեան զօրակցիլ` պաշտպանելու համար լիբանանեան շահերը, որովհետեւ իսրայէլեան այս սպառնալիքները կարելի չէ արհամարհել կամ աննշան նկատել», ըսաւ Ապու Սաապ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Յանձնառու Մնալու Ինքզինք Զանց Կացուցելու Քաղաքականութեան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.