Պըրրի Պաալպեք-Հերմելի Պլոքին Հետ Քննարկեց Պեքաայի Բարգաւաճման Խորհուրդի Հիմնադրութեան Մանրամասնութիւնները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանական պլոքը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պեքաայի, Աքքարի, Մընիէի եւ Տըննիէի բարգաւաճման խորհուրդի հիմնադրութեան մանրամասնութիւնները: Հաժ Հասան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ համաձայնած են այս հարցին վերաբերող օրինագիծը փոխանցել խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն: Նշենք, որ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմէն, որ խստիւ...




















