Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու կառավարութեան կազմին մէջ հայութեան ներկայացուցչութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:



