ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր աշխատանքները:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաւօտեան ժամը 9:00-ին ներկայ գտնուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովի երկրորդ լիագումար նիստին` ներկայութեամբ վեհաժողովին մասնակցող բոլոր նախագահներուն եւ վարչապետներուն:
Նախագահ Աունի կողքին վեհաժողովին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղեր, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Սահար Պաասիրի, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ նախագահ Աունի անձնական ներկայացուցիչ Ժարժուրա Հարտան, դեսպան Խալիլ Քարամ, նախագահական պալատի տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆիք Շլալա, արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատուներէն դեսպան Ուսամա Խաշշապ եւ շարք մը դիւանագէտներ:
Նիստին ընթացքին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժան վեհաժողովի դռնփակ նիստին ընթացքին յայտնեց, որ կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի գրասենեակը Պէյրութի մէջ իր գործունէութիւնը պիտի սկսի 2020-ին:
Այս առիթով Ժան իր խօսքը ուղղեց նախագահ Աունին դրուատելով անոր գործակցութիւնը` կազմակերպութեան գրասենեակի բացման ու գործունէութեան գծով:
Միքայէլ Ժան գոհունակութիւն յայտնեց Պէյրութի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գրասենեակի բացումին առիթով:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով` ժամը 10:00-ին) նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Նախագահներ Աուն եւ Մաքրոն հանդիպում ունեցան «Կարէն Դեմիրճեան» համալիրի «Շարլ Ազնաւուր»-ի անուան սրահին մէջ: Զոյգ նախագահներուն դռնփակ հանդիպումը տեւեց քսան վայրկեան: Ապա արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ միացաւ հանդիպումին` ներկայութեամբ Մաքրոնի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Ֆիլիփ Էթիենի:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Մաքրոնի հետ կատարեալ համաձայնութեան մէջ են` բոլոր հարցերուն պարագային: «Մենք միշտ իբրեւ բարեկամներ կը գործակցինք», ըսաւ ան:
Պատասխանելով կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը` նախագահ Աուն յայտնեց, որ նախագահ Մաքրոնի հետ հանդիպումին նպատակը կառավարութեան կազմութիւնը չէ, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը զուտ լիբանանեան է: «Սակայն Մաքրոն բնականաբար կը փափաքի կառավարութիւնը կազմուած տեսնել, յատկապէս երեփոխանական ընտրութիւններէն ետք», նշեց ան:
Պէյրութ վերադարձէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում մը ունենալու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի որեւէ ատեն կրնայ այցելել նախագահական պալատ եւ որեւէ ատեն բարի եկած է:
«Սետր»-ի խորհրդաժողովին վտանգուած ըլլալու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ երբ նախագահ Մաքրոն այդ մասին յայտարարութիւն կատարէ, ապա այդ մասին կարելի է իմանալ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան աղբիւրներուն համաձայն, նախագահներ Աուն եւ Մաքրոն քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանի հարցերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ միշտ հնչող իսրայէլեան սպառնալիքները, որոնց մասին անոնք շեշտեցին հարաւային Լիբանանի սահմանային կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Աուն եւ Մաքրոն քննարկեցին սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը, ուր անոնք պէտք է ստանան ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնը:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ընթացքին մէջ են, իսկ Մաքրոն դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է կառավարութիւնը կազմել` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտած են:
Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թունուզի հանրապետութեան նախագահ Պաժի Քայետ Սեպսիի հետ` ներկայութեամբ պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին նախարար Պասիլ, դեսպան Տաղեր, Ռաֆիք Շլալա եւ Ուսամա Խաշշապ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-թունուզեան յարաբերութիւնները, որոնց ամրապնդման կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ զոյգ նախագահներուն կողմէ: Անոնք հաստատեցին, որ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պէտք է ամրապնդել բոլոր մարզերուն մէջ:
Քննարկուեցան նաեւ շրջանային եւ արաբական հարցերը` արձանագրուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Թունուզի նախագահը Աունը հրաւիրեց Թունուզ այցելութեան, իսկ նախագահ Աուն իր կարգին Սեպսին հրաւիրեց մասնակցելու Տնտեսական բարգաւաճման վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունուարին, Պէյրութի մէջ: Նշենք, որ Պէյրութի տնտեսական վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Սեպսիի յղուած հրաւէրը նախապէս անոր ուղարկուած էր ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Թունուզի միջեւ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հասարակաց գիծերուն, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն անդրադարձաւ «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մարդու ակադեմիա» մը հիմնելու Լիբանանի ջանքերուն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Պէյրութի մէջ նման ակադեմիա մը հիմնելու լիբանանեան նախաձեռնութիւնը Թունուզի զօրակցութեան արժանացաւ:
Նախագահ Սեպսի ողջունեց եւ դրուատեց նախագահ Աունի կեցուածքները, ջանքերը, արաբական հարցերու լուծման զօրակցելու անոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դէպի ապահով ու կայուն ափեր առաջնորդելու անոր կարողութիւնը` պաշտպանելով երկրին գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:
Յետմիջօրէին նախագահ Աուն մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան եզրափակիչ նիստին, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարը, ինչպէս նաեւ յայտարարուեցան Երեւանեան հռչակագիրը:
Նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը երեկոյեան վերադարձան Լիբանան:
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Երեւան



