Հակառակ անոր որ երկրին մէջ դրական մթնոլորտ կը տիրէ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած զարգացումներուն առումով, սակայն տակաւին յստակ օր եւ ժամ չէ որոշուած` վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ կատարուելիք հանդիպումին առնչութեամբ:
Այսուհանդերձ նախագահ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ընդունեց տիւրզի համայնքի ղեկավարները, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական` հերքելով այն լուրերը, թէ կառավարութեան կազմութեան գծով տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկ մը գոյութիւն ունի:
Ժոմպլաթ ըսաւ, թէ տիւրզի համայնքի յստակ պահանջներ կան եւ անոնք ընդունելի են` աւելցնելով, որ ինք նախագահ Աունին յանձնած է տիւրզի համայնքի երրորդ նախարարին մասին թեկնածուներու անուանացանկ մը` աւելցնելով, որ որոշումը հանրապետութեան նախագահինն է:
Նախարարութիւններու ստանձնումին մասին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան` աւելցնելով, որ չեն փափաքիր ստանձնել նախարարութիւն մը, որուն շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:
Անդրադառնալով իր եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ տեղի ունենալիք հաւանական հանդիպումին, Ժոմպլաթ ըսաւ, թէ ինք այդ հանդիպումին մասին գաղափար չունի: Ան շեշտեց, որ Շուէյֆաթի հարցը պէտք է լուծել պահանջուած Ամին Սուքին դատական իշխանութեանց յանձնելով:
Նշենք, որ կէսօրէ առաջ նախագահ Աունի այցելած էր գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ Լեռնալիբանանի երաշխիք երեսփոխանական պլոքի անդամներուն:
Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ Լեռնալիբանանը կը ներկայացնէ ամբողջ Լիբանանը` մշակութային, յարանուանական, ընկերային թէ ազգային համերաշխութեան առումով:
Ան նշեց, որ ինք իր տեսակէտը ներկայացուցած է հանրապետութեան նախագահին` աւելցնելով, որ իրենք իբրեւ խորհրդարանական պլոք պատրաստ են իրենց մասնակցութիւնը բերելու յաջորդ կառավարութեան աշխատանքներուն:
«Մենք կը զօրակցինք կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դիւրացնելու գործին, սակայն ոչ այս կամ այն քաղաքական ուժը ջնջելու կանոնին հիման վրայ», ըսաւ ան:
Արսլան հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են ամէն տեսակի լուծման, պայմանով որ անիկա ուրիշը ջնջելու օրէնքներու հիմամբ չգործէ:
Ժաաֆարի Կ՛այցելէ Պէյրութ
Միւս կողմէ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի երէկ այցելեց Պէյրութ:
Ժաաֆարի Պաարտայի մէջ նախագահ Աունի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ արաբական երկիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները կ՛ենթադրեն, որ իրենց միջեւ համագործակցութիւնն ու արաբական միասնականութիւնը ամրապնդուի:
Նախագահ Աուն ընդգծեց լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն ու գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը: Ան շնորհաւորեց Իրաքը` ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ իրաքեան բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումին եւ այդ շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումին առիթով:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` ընդգծելով անոնց տունդարձի կարեւորութիւնը:
Հարաւային Լիբանանի սահմաններուն մասին խօսելով` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` կոչ ուղղելով, որ յաւելեալ ջանքեր ի գործ դրուին շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումին նպատակով:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Սուրիա-Յորդանան Նասիպի անցքի բացումին` մաղթելով, որ Սուրիա-Յորդանան-Իրաք սահմանային Պուքամալ անցքը եւս կը վերաբացուի:
Իր կարգին, Ժաաֆարի ընդգծեց Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւնները` դրուատելով շրջանային եւ միջազգային ամպիոններէն նախագահ Աունի արտայայտած կեցուածքները, յատկապէս Լիբանանի կողմէ Իրաքի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը:
Ժաաֆարի շեշտեց, որ Իրաք նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի միասնականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:




