Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարունակէ մասնակցիլ Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան 139-րդ ընդհանուր ժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Ժընեւի մէջ:
Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ, Պըրրի կը հետեւի նաեւ Պէյրութի մէջ արձանագրուող կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն, եւ այդ հոլովոյթին մասին իրեն ընկերակցող տեղեկատուական պատուիրակութեան ըսած է, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով յառաջխաղացք արձանագրուած է: Ան մաղթած է, որ կառավարութեան լրիւ կազմին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւնը յայտարարել:
Միւս կողմէ, Պըրրի Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին մասնակցող իրանեան պատուիրակութեան հետ, զոր կը գլխաւորեն երեսփոխան Ֆաթիմա Հիւսէյնի:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապը, խոր յարաբերութիւններն ու Իրանի կողմէ Լիբանանի Դիմադրութեան տրամադրուած օժանդակութիւնը, որ լիբանանեան ազգային միասնականութեան կողքին դիմադրութեան կարեւոր ազդակ մը կը նկատուի` Իսրայէլի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ շրջանին մէջ ահաբեկչութիւն պարտադրելու քաղաքականութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Սուրիոյ ապահովութիւնը Իրաքի եւ Լիբանանի ապահովութիւն կը ներշնչէ, իսկ պաղեստինցիներուն` հողերը ազատագրելու յոյս:
Իր կարգին, Հիւսէյնի դրուատեց լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` բարձր գնահատելով Պըրրիի դերակատարութիւնը` Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած հարցերուն լուծման մէջ:
Հիւսէյնի ընդգծեց, որ Իրան ամէն իմաստով կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:



